Երիտասարդական Ոսպնեակ. Սեւրի Դաշնագիրը Պատմաքաղաքական Հզօր Յուշարար Մը Ըլլալէ Շա՛տ Աւելին Է (10 Օգոստոս 1920)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Այսպէս ասած սկեպտիկ, քաղաքական կեանքի կուռ տրամաբանութեան թէ գործնապաշտութեան հետեւորդներ մեզի կրնան յուշել, թէ պատմութեան զամբիւղին արժանացած են անցեալի բազմաթիւ դաշնագիրներ, ուստի զարմանալի կրնայ թուիլ այն, որ այսօր հայութիւնը, կրկին ու կրկին կը խօսի միջազգային դաշնագիրի մը մասին, որ, հակառակ վայելած երբեմնի քաղաքական յանձնառութեան, մնաց թուղթի վրայ անկիրարկելի, նոյնինքն` միջազգային կողմերու անհաշտ մրցակցութեան եւ ստորին խարդաւանանքներու իբրեւ հետեւանք:
Հաւանաբար նաեւ, անոնք դիպուկ օրինակ մըն ալ տալով աւելցնեն, թէ փաստօրէն, այսօր տակաւին ո՞վ կը խօսի Սայքս Փիքօ կոչուած համաձայնագիրի մասին, որով օրին (1916թ.) քարտեսագրուեցան յայտնապէս ներկայ արաբական երկիրներու թէ Միջին Արեւելքի գաղութատիրական ամբողջ քաղաքական թէ տնտեսական գործընթացները:
Հրէշային գործընթաց¬ծրագիրներ, որոնցմով գաղութարար պետութիւններ թէ միջազգային որոշումի կեդրոններ կողոպուտի ու թալանի ենթարկելէ ետք իրենց հպատակները, ցարդ կը շարունակեն մնալ իբրեւ այդպիսին` այլապէս դժոխքի վերածելով ամբողջ հասարակակարգեր թէ պետութիւններ` յանուն այսպէս ասած ժողովրդավարութեան, ընկերային արդարութիւններու եւ առեւտրա¬տնտեսական առաջադրանքներու հաստատման:
Յիրաւի, ի՜նչ Սայքս Փիքօ, երբ նոր եւ աւելի բարբարոս համաձայնագիրներու ծնունդը կ՛աւետեն մեզի որոշումի միջազգային կեդրոններ:
Խօսքը, անշուշտ, կը վերաբերի սեւաթոյր «արաբական գարուններու», որոնք մէկ կողմէ կը զգետնեն ոճրագործ բռնատէրերն ու անոնց փտած վարչակարգերը, եւ սակայն միւս կողմէ պատճառ կը դառնան փոքրամասնութիւններու փճացումին եւ բազմամիլիոնի հասնող տարբեր դաւանանքի պատկանող հասարակութիւններու սպանդին:
Այլ ասած, ի տես երկիրներու քանդումին, մշակոյթներու բնաջնջումին, ազգային ու դաւանական պատկանելիութիւններու շիջումին եւ ծայրայեղութիւններու առաւել սրումին, աշխարհաքաղաքական նորովի եւ շատ վտանգաւոր քարտեսագրութիւններու թատերաբեմ են դարձած Միջին թէ Մերձաւոր արեւելեան երկիրներ, որոնց դրացնութեամբ կ՛ապրի Հայաստան` իր ազգային, պատմական թէ քաղաքական հեռանկարներով:
Ահաւասիկ այս առումով ուսանելի կը մնայ Սեւրի դաշնագիրը, իր պարփակած իրաւաքաղաքական, հողային, ժողովրդագրական թէ տնտեսական հասկացողութիւններով, բայց մանաւանդ` միջազգայնօրէն ամրագրուած հողատիրութեամբ կամ հայրենատիրութեամբ:
Այլ հարց, թէ ի՛նչ կը նշանակէ դաշնագիրի մը հատուցման ու վաւերացման իմաստը, առանց անոր ետին ու կողքին կանգնած ըլլալու հզօր պետութիւն, նախանձելի տնտեսական համակարգ, յառաջադէմ եւ արդիականութեամբ ապրող ժողովուրդ, աշխարհաքաղաքական լծակներու օգտագործման հակամէտ պետական մտածողութիւն թէ համազգային մակարդակի պայծառամտութիւն, այո՛, հայկականութիւն:
Պահ մը երեւակայել, թէ հայութիւնը իր քաղաքական¬դիւանագիտական շտեմարանին թէ միջազգային յարաբերակցութիւններու հարթակին վրայ, թէկուզ անցեալին, ունեցած չըլլար Սեւրի դաշնագիրի իրողութիւնն ու փաստավաւերագրական արձանագրութիւնը:
Ինչպիսի՛ ճակատագրական կացութիւններու դիմաց կրնար ըլլալ այսօր վերանկախացած հայրենի պետականութիւնը, եթէ երբեք օրին հայութիւնը իր ձեռքին ունեցած չըլլար միջազգայնօրէն ճանաչուած Սեւրի դաշնագիրը, որով միանգամընդմիշտ կ՛ամրագրուէր հայութեան քաղաքական դիմագիծն ու ազգային պատկանելիութիւնը:
Ինչպէ՛ս պիտի կարենար հայ քաղաքական միտքը ինքզինք սնուցանել եւ վերաորակաւորել, ի տես այսօրուան համայնակուլ, խենեշ ու դաւադիր միջազգային սադրանքներու եւ խօլ մրցակցութիւններու:
Հայ պետական մտածողութիւնը ուրկէ՛ պիտի ստանար ազգային գաղափարական ներուժն ու աշխարհահայեացքը, ինքզինք հպարտօրէն դրսեւորելու եւ հաստատագրելու միջազգային ամպիոններու վրայ, եթէ երբեք սպառազինուած չըլլար պատմաքաղաքական կշիռ ունեցող Սեւրի դաշնագիրի միջազգային յանձնառութեամբ:
Աւելի՛ն. ցեղասպանութեան ենթարկուած եւ Արեւմտահայաստան կորսնցուցած ազգ մը պահանջատիրական իր պայքարի, իրաւունքի եւ վերատիրացման աւիշը ուրկէ՛ ներծծած պիտի ըլլար, եթէ ոչ Սեւրի դաշնագիրի էութենէն, որով լոյսին կը բերուէր նաեւ միջազգային մակարդակի յանձառու կամքն ու հայութեան իրաւատէրի հանգամանքը:
Բոլոր ժամանակներէ աւելի, մօտիկ անցեալի պատմութենէն դասեր քաղելու հրամայական պահանջին դիմաց կը գտնուի հայ պետական կարգն ու սարքը, եւ առհասարակ հայ քաղաքական միտքը:
Պարզ այն հասկացողութեամբ, որ, 21¬րդ դար թեւակոխած հայութիւնը ճակատագրուած է մտածելու եւ գործելու այնպիսի հեռանկարային առաջադրութիւններու ուղղութեամբ, որոնք պիտի կարենան զինք զգօն պահել, պաշտպանել եւ ուժեղացնել` հետագայ տասնամեակներու աշխարհաքաղաքական դասաւորումներու դիմաց, երբ արդէն համաշխարհային խօլ մրցակցութիւններու, ահռելի միջցեղային բախումներու, ազգակործան թէ բնաջնջումի ծրագիրներու աշխոյժ գործադրութեան անմիջական տարբերակին ականատես է մարդկութիւնը համակ:
Եւ ճիշդ այս պարունակի մէջ, ըստ երեւոյթին, հարկ է հայոց պարագային դիտարկել` պետականութեան հզօրանքի թէ ժողովրդային առաւել նեցուկի ապահովման ամէնէն էական գործօնը, որպէսզի իբրեւ ազգ¬պետութիւն, առաջին հերթին շեշտադրենք մեր քաղաքական ինքնութիւնը, եւ երկրորդ` պետականադրոշմ վարքագիծի անարգել շարունակութիւնը:
Հաստատել է պէտք, որ բազմաթիւ առումներով 10 օգոստոս եւ 22 նոյեմբեր 1920 զոյգ թուականները հայ քաղաքական մտքին համար իսկապէս որ շրջադարձային են` նկատի առած Սեւրի դաշնագիրին միջազգային պարտաւորութիւնն ու անկէ բխած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուլիսընի իրաւարար վճիռին բացարձակ հայանպաստ առաջադրութիւնը, հակառակ այն իրողութեան որ անիկա մնաց անիրագործելի` զոհ դառնալով մեծապետական սադրանքներու:
Ընդգծենք նաեւ, որ եթէ երբեք սփիւռքահայութիւնը` տասնամեակներ շարունակ զրկուած հողի ու պետականութեան նեցուկէն, կարողութիւնը ունեցաւ գէթ ներհայկական առումով վառ պահել Սեւրի դաշնագիրի իմաստն ու կարեւորութիւնը` հետագայ սերունդներու հաշուոյն, ապա, այսօր, աւելի քան երբեք հայրենի պետական մտածողութեան համար անիկա պէտք է զգենու իբրեւ ազգային արժեհամակարգի մնայուն առանցք եւ անժամանցելիութեան ցուցանիշ:
Հայաստանի վերանկախացումով բնականաբար վերջ կը տրուէր այսպէս ասած զգացական եւ յուշագրային արտայայտութիւններու ասպարէզին, որովհետեւ հայոց պետականութեան հաստատումով` սկիզբ պէտք էր առներ ազգային պահանջատիրական երթի այլ մակարդակ մը, որով պիտի յատկանշուէր հայ պետական կեանքի նորովի ընկալումը:
Մնալով ականջալուր ազգային երազանքին ու քաղաքական տրամաբանութեան, եւ ըմբռնելով հանդերձ ներկայ ժամանակներու միջազգային քաղաքական պարտադրանքները, հայութիւնը առաւել եւս պէտք է զարկ տայ դիւանագիտական մակարդակի նպատակային նախաձեռնութիւններու` Սեւրի դաշնագիրի անժխտելութիւնը բնորոշող:
Յայտնապէս, հայ դիւանագիտական համակարգը ամէն օգոստոսի 10-ին, Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած երկիրներու (Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Իտալիա, Փորթուքալ, Միացեալ նահանգներ, ճափոն, Պելճիքա, Պրազիլ, Չինաստան, Յունաստան, Լեհաստան, Ռումանիա, Հիճազ այժմ` Սէուտական Արաբիա եւ այլն), դեսպանութիւններուն պէտք է յղէ պահանջագիր` պարտաւորութիւններու վերյիշեցման, վկայակոչելով պատմական անշրջանցելի իրողութիւններ:
Միթէ գաղտնի՞ք յայտնած կ՛ըլլանք, եթէ հրապարակաւ խօսինք աշխարհաքաղաքական նորովի բաժանումներու եւ քարտէսագրական միտումներու մասին, ի տես եռեւեփող ու ահռելի պատերազմական անդոհանքներու եւ քաղաքական անսովոր հակադրութիւններու:
Մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակենք դիտողի ու լսողի դերին մէջ մնալ, ձեւով մը կղզիացած եւ հեռու քաղաքական ոլորտներու հասողութենէն:
Այլապէս ինչպէ՛ս բացատրել արեւմուտքի այն կողմնորոշիչ կարգ մը քաղաքական մտմտուքները, երբ մերթ ընդ մերթ ակնարկութիւններ կը կատարուին այն իրաւունքին մասին, որ հայութեան համար դէպի Սեւ ծով ելքի մը կարելիութիւնը պէտք է ապահովուի:
Միւս կողմէ, ի՞նչ կը պակասի մեզի, որ չկարենանք ազգային արժեհամակարգի առաւել տոկունութիւն եւ ճկունութիւն ցոյց տալ, տնտեսական հզօրանքին լիցք հայթայթող դիւանագիտական ճարտար վարքագիծի առաջատար դառնալ, քիչ մը յարձակողապաշտի պատմուճանը հանդերձել, ապա նաեւ` մեր պարագային` հայոց արդար իրաւունքներու վերատիրացման կամքի ու հաւատամքի ուժ դրսեւորել:
Սեւրի դաշնագիրը հայութեան տուած է այս նուիրական պատիւը, որպէսզի ամէն քայլափոխի եւ յաչս աշխարհին արծարծենք հայրենիքի վերատիրացման մեր պատրաստակամութիւնը, երազանքն ու կամքը:
Կը մնայ այս եզակի դաշնագիրին գերազանց իմաստն ու խորհուրդը վկայակոչել հայ նորահաս սերունդներու, զայն համարելով ազգային դաստիարակութեան, հայրենապաշտութեան եւ հայրենիքի վերատիրացման հզօր վաւերագիր:
Արդեօք Արցախի հերոսամարտերն ու անգին զոհողութիւնները բաւարար ցուցանիշներ չե՞ն հայրենիքի ազատագրումին եւ պարտադրուած անարդար համաձայնագիրներու շպրտումին: Միւս կողմէ, Սեւրի դաշնագիրը Արեւմտահայաստանի առընթեր Ջաւախքի եւ Նախիջեւանի հայապատկանելիութեան վաւերական փաստաթուղթ չէ՞ միջազգայնօրէն արձանագրուած աշխարհաքաղաքական յարմարաւէտ պահու մը հարկ չէ՞ օգտագործել զայն…

