Սլաք. Անմտութիւն Բուրող Հնարք Մը

ԼԱԽՏ

0808_SlakԱզրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով իր երկրին բանակին բոլոր սպաներուն հրահանգած է տարազի վրայ կրել Հայտար Ալիեւի դիմապատկերով կրծքանշան: Այսուհետեւ հայ-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ զինադադարը խախտող ազրպէյճանցիները իրենց կուրծքին վրայ պիտի ունենան լուսանկարը այն անձին, որ ոգի ի բռին աշխատած է այդ զինադադարի համաձայնութիւնը գոյացնելով փրկելու իր պետութիւնը, որուն բանակը հայկական ուժերէն իրերայաջորդ պարտութիւններ կրելէ ետք դէպի Պաքու «կ՛արշաւէր»:

Եթէ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը կարծեն, որ Հայտար Ալիեւի լուսանկարը կրելը իրենց սպաները անխոցելի պիտի դարձնէ, շատ կը սխալին. Խորհրդային Միութեան ղեկավարներէն եղող հայր Ալիեւը սուրբ մը չէ, այլ անհաւատ մը եւ այժմ կը գտնուի այդպիսիներուն վերապահուած վայրը: Աւելի՛ն, այդ լուսանկարները պիտի օգնեն, որ հայ զինուորները դիւրութեամբ նշմարեն եւ վնասազերծեն սպաները` առանց որոնց շարքային զինուորներու դիմակայումը կը վերածուի ժամանցի:

Վերջին շրջանին ազրպէյճանական կողմին կրած կորուստներուն թիւը հաւանաբար այդ երկրին «իմաստուն» ղեկավարները մղած է որդեգրելու այս հնարքը` քաջ գիտնալով, որ երբ սպաները կը սպաննուին, շարքայինները կը դիմեն փախուստի, եւ այդպիսով ազրպէյճանական բանակի կորուստներուն թիւը կը նուազի: Եթէ այդ է նպատակը, ապա լուծումը շատ պարզ է. «Մի՛ յարձակիք եւ հայ զինուորը մի՛ փորձէք»: Այս պարագային «էշը երկու անգամ նոյն փոսը չ՛իյնար» ասացուածքը դիպուկ է, սակայն զայն այստեղ օգտագործելով խեղճ անասունը վարկաբեկելը` անտեղի:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES