Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ Արսալի մէջ բանակին արձանագրած յաղթանակը անոր նկատմամբ վստահութիւնը ամրապնդած է եւ փաստած, որ բանակը ազգային միասնականութեան բանալին է:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերը Արսալէն Սուրիա փոխադրուող 1800 սուրիացի տեղահանուածներու հարցը Մասնաայի սահմանին վրայ լուծած է եւ որոշած զանոնք հանգրուան առ հանգրուան Սուրիա ուղարկել` իւրաքանչիւր հանգրուանի 7 հանրաշարժ տրամադրելով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Արսալի կացութիւնը պիտի չբարելաւուի, այնքան ատեն որ Սուրիոյ տագնապը առկայ է: Ան խստիւ դատապարտեց ՏԱՀԵՇ-ի գործած արարքները, յատկապէս Իրաքի մէջ` շեշտելով, որ ՏԱՀԵՇ իր գործած արարքներուն գինը սուղ պիտի վճարէ` աւելցնելով միաժամանակ, որ քրիստոնեաները ուշ կամ կանուխ պիտի վերադառնան իրենց բնակավայրերը:

ՊԱԱՍ կուսակցութեան երեսփոխան Ասեմ Քանսօ զգուշացուց որեւէ ատեն հաւատադրժողականներուն վերադարձէն եւ մէկզմէկու հետ գործակցելու կոչ ուղղեց լիբանանեան եւ սուրիական բանակներուն` լուծելու համար Արսալի տագնապը:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի կառավարութիւնը տեղեակ պահած է, թէ Միացեալ Նահանգներ բանակին զէնք եւ զինամթերք պիտի տրամադրեն` զօրացնելու համար անոր կարողութիւնները:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութիւնը պիտի չարտօնէ Արսալի պատահարին հիւսիսային Լիբանան փոխադրութիւնը:

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան ողջունեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի վերադարձը` շեշտելով, որ բանակի նահատակներուն թափած արիւնը վեհագոյն զոհաբերութիւնն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակը դիրքաւորելու լիբանանեան-սուրիական սահմանին վրայ:

ԱՐՍԱԼԻ փոխքաղաքապետ Ահմետ Ֆլիթի յայտնեց, որ Արսալի մէջ կացութիւնը խաղաղած է` աւելցնելով, որ տեղահանուած սուրիացիները ոչ մէկ յանցանք ունին նախորդ օրերուն  պատահած դէպքերուն առումով:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ անհրաժեշտ բոլոր յատկանիշները ունի` հանրապետութեան նախագահ ընտրուելու առումով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ իրենք պիտի չհրաժարին բանակէն, ոչ ալ լիբանանեան ազգային միասնականութենէն, որովհետեւ միայն սադրանքները կրնան անոնց փոխարինել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ ոչ ոք կրնայ երաշխաւորել, թէ զինեալները լիբանանեան գիւղաքաղաքներէն հեռացած են, եւ դարձեալ Լիբանան մուտք գործելու յոյս չկայ:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան քաղաքական կողմեր կը մերժեն լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի նախագահ ընտրութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES