Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան Բանակ. Ներթափանցման Նոր Փորձ` Հատրութի Եւ Մարտունիի Ուղղութիւններով

0810army8-էն 9 օգոստոսի լուսցող գիշերը, ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի հարաւային (Հատրութի) եւ հարաւարեւելեան (Մարտունիի) ուղղութիւններով հակառակորդը անգամ մը եւս ձեռնարկած է ներթափանցման փորձերու, կը տեղեկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի մամլոյ ծառայութիւնը:

«Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները, ժամանակին նշմարելով ազրպէյճանական բանակի յատուկ ջոկատներու յառաջխաղացումը, ձեռնարկած են կանխարգելիչ գործողութիւններու, որոնց շնորհիւ հակառակորդը կրելով կորուստներ, ետ քաշուած է իր սկզբնական դիրքերը», ըսուած է պաշտպանութեան բանակի հաղորդագրութեան մէջ:

Միւս կողմէ, շաբաթ եւ կիրակի առաւօտեան Ազրպէյճանի զինուած ուժերը խախտած են զինադադարի դրութիւնը Տաւուշի մարզի Վազաշէն, Այգեպար եւ այլ գիւղերու ուղղութեամբ: Այս մասին տեղեկացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան` «ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ:

«Հակառակորդը անգամ մը եւս դիմած է արկածախնդրութեան` խախտելով զինադադարի դրութիւնը: Մասնաւորապէս, տարբեր տրամաչափի զէնքերէ եւ յատկապէս այրող փամփուշտներով կրակած է Տաւուշի մարզի Վազաշէն, Այգեպար եւ քանի մը այլ գիւղերու ուղղութեամբ», նշած է Յովհաննիսեան: «Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու կտրուկ պատասխանէն ետք, որ եղած է միայն իրենց դիրքերուն ուղղութեամբ, կրակոցները դադրեցուցած են: Անգամ մը եւս կը զգուշացնենք, որ միջադէպերու եւ անոնց հետեւանքներուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը», ըսած է Յովհաննիսեան:

Նշենք, որ Ազրպէյճանը իր կարգին զինադադարի դրութեան խախտման մէջ կը մեղադրէ հայկական կողմը: Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ շաբաթ երեկոյեան, թովուզի շրջանին մէջ «հայկական ուժերուն կողմէ զինադադարի դրութեան խախտման պատճառով սպաննուած է Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու զինուորական ծառայող Ֆատալիզատէ Ռուֆատ Նազիմ Օղլուն»: Գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ նաեւ, որ շաբաթ երեկոյեան հայ-ազրպէյճանական սահմանի Գետաբեկի շրջանին մէջ վիրաւորուած է ազրպէյճանցի զինուորական ծառայող Օրհան Գալիպ Օղլուն:

Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 9-էն 10 օգոստոս սահմանագիծի ամբողջ երկարութեամբ հակառակորդին կողմէ զինադադարի դրութիւնը խախտուած է մօտաւորապէս 300 անգամ, որուն ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերով հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 6500 կրակոց, որ նախորդ օրերուն հետ բաղդատելով զգալիօրէն պակաս է:

Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ուժերը հաւատարիմ մնացած են զինադադարի դրութեան պահպանման եւ պատասխան գործողութիւններու դիմած են միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )