Քանատա Կ՛ուզէ Հիւրընկալել 2026-ի Մոնտիալը
Միջազգային կարգ մը լրատու գործակալութիւններու համաձայն, Քանատայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը նախնական յայտարարութիւն մը կատարած է, ըստ որուն, անիկա պատրաստ է իր թեկնածութիւնը առաջադրելու` հիւրընկալելու համար 2026-ի Մոնտիալը:
Այս հարցին անդրադարձած է նաեւ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Սեփ Պլեթըր` նշելով, որ Քանատա կ՛ուզէ, որ ֆութպոլը յառաջդիմութիւն արձանագրէ իր երկրին մէջ:
Նշենք, որ 2018-ի Մոնտիալը տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ մէջ, իսկ 2022-ինը` Քաթարի մէջ:
CATEGORIES Մարզական

