Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր գործերը կանոնաւոր կերպով կարգադրեցէք, որպէսզի սխալ մը չունենաք նիւթական իմաստով: Ձեր հաշիւին տէրը եղէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր արթնամտութիւնը ձեր դիմաց պիտի բանայ նոր ճամբայ մը, ուրկէ պիտի առաջնորդուիք դէպի յաջողութիւն: Սիրալիր մնացէք ամէնուն հետ, անկեղծ տրամադրութեամբ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ընտրութիւն մը կատարելու համար շուարած էք: Ձեր միտքը թող պարզ մնայ, կնճռոտ հարցերը կրնան ձեզի յոռետեսութեան տանիլ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Հետաքրքրուեցէք ձեր շրջապատի անցուդարձերով: «Ինծի ինչ»-ը օգուտ մը չունի, կրնայ վնասել ձեր մարդկային գիծին շահ ապահովելու:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ստեղծագործական տրամադրութիւն ունիք, ձեռնամուխ եղէք ձեր սիրած արուեստին: Օրը նպաստաւոր է, եւ ձեր աստղերը կը փայլին այսօր:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մի՛ մոռնաք վաղուան ձեր ժամադրութիւնը, որովհետեւ կարեւոր եւ ճակատագրական կրնայ ըլլալ: Մնացէք ձեր խառնուածքին տէրը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Շատախօս կամ պոռոտախօս անձեր կան ձեր շրջանակին մէջ, անոնց հետ ձեր յարաբերութիւնը քիչ մը նուազեցուցէք: Ձեր վարկը այս կը պահանջէ: Շրջահայեաց եղէք, կը շահիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ճամբայ մը կը բացուի ձեր դիմաց, ոչ հեռու: Պատրաստ եղէք ձեր արձակուրդը վայելելու գեղատեսիլ եւ զովասուն վայրի մը մէջ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ինքնավստահութիւնը ձեր վարքին մաս կը կազմէ, սակայն երբեմն ետդարձ ըրէք հասկնալու համար կեանքի ելեւէջին ձեզի վերապահած բաժինը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հոգեկան աշխարհը տարբեր բնոյթ ունի ֆիզիքականէն: Մէկը կրնայ խախտիլ առանց միւսին օգնութեան: Հաւասարակշռութեան օրէնքին հետեւեցէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ժպտեցէք մարդոց, աշխատանքի մէջ ըլլայ թէ շուկայի: Ժպիտը ձրի է, հետեւաբար բաշխեցէք: Ստացողը կ՛ուրախանայ, բարիք ըրած կ՛ըլլաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մանուկներուն եւ սուրբերուն կատարուած խոստումը պէտք է իրագործուի, պէտք է կատարուի: Մանուկներն ալ անմեղ են, հետեւաբար, ինչ որ խոստացաք անոնց, կատարեցէք, որ սիրուիք:

