Քիւրտերը Միջազգային Ընտանիքէն Իսլամականներուն Դէմ Պայքարելու Համար Զէնքեր Կը Խնդրեն
«Քորեսփոնտընթ» կայքը կը գրէ, որ Իրաքի քիւրտերու քաղաքական ղեկավար Մասուտ Պարզանի միջազգային զինուորական օգնութիւն խնդրած է իսլամական զինեալներուն դէմ պայքարելու համար:
Խնդրանքին մասին յայտնի դարձած է, երբ Միացեալ Նահանգներ սկսած են Իրաքի քրտական շրջանի մայրաքաղաք Էրպիլի մօտ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն դիրքերուն դէմ օդային հարուածներ կատարել:
Նախապէս քրտական ուժերը յայտարարած են, որ ծանր կռիւներէ ետք վերստին գրաւած են Քուեր եւ Մահմուր քաղաքները: Քիւրտերու ներկայացուցիչին խօսքով` այդ հարցին մէջ օգնած են ամերիկեան օդուժի հարուածները:
Ասիկա առաջին պարագան դարձած է, երբ փեշմերկաները յաջողած են յաղթել ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն:
Միեւնոյն ժամանակ Իրաքի արեւմտեան շրջանին մէջ եզիտիները ստիպուած եղած են փախուստ տալ իրենց բնակավայրերէն:
Նախապէս Իրաքի մարդկային իրաւանց հարցերու նախարար Մոհամետ Շայա Սուտանի յայտնած էր, որ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն զոհ դարձած են առնուազն 500 եզիտիներ:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը երէկ յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն սկսած է փեշմերկաները զինել ընդդէմ ՏԱՀԵՇ-ի:

