Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Սարակները Մագլցողական Քայլերու Պիտի Դիմեն
Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները փակեցին Քորնիշ Նահըրի ընկերութեան դարպասը` արգիլելով պաշտօնեաներուն մուտքը: Անոնք ճամբան փակեցին հրկիզուած անիւներով` բողոքելով Ելեկտրականութեան ընկերութեան մէկ որոշումին դէմ:
Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը, հիմնուելով կառավարութեան պահանջին վրայ, որոշած է կատարել երկու հազար սարակներու վերապահուած մրցանք մը,
որուն արդիւնքներուն հիման վրայ մնայուն պաշտօնեաներու պիտի վերածուին միայն 891 սարակներ:
Սարակները խիստ կերպով բողոքեցին այս որոշումին դէմ եւ հաստատեցին, որ իրենք պիտի դիմեն մագլցողական քայլերու, որոնց շրջագիծին մէջ այսօր առաւօտեան ժամը 8:00-ին նստացոյց մը պիտի կատարուի Ելեկտրականութեան ընկերութեան կեդրոնին մէջ եւ ապա առաւօտեան ժամը 9:30-ին քայլարշաւ մը` դէպի ուժանիւթի նախարարութիւն:
Իսկ չորեքշաբթի, 13 օգոստոս 2014-ին, Ելեկտրականութեան ընկերութեան կեդրոնին մէջ վրաններ պիտի լարուին եւ բաց գործադուլ մը պիտի սկսի:

