Հարիրի 15 Միլիոն Տոլարի Նպաստ Մը Կը Տրամադրէ Արսալի Եւ Կը Հաստատէ, Որ Նախքան Նախագահական Ընտրութիւնը` Երեսփոխանական Ընտրութիւններ Պիտի Չկատարուին

Ժոմպլաթ եւ Հարիրի

Ժոմպլաթ եւ Հարիրի

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ երեսփոխաններ ու նախարարներ:

Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Հարիրիի Լիբանան վերադարձը հիմնական ազդակ մըն է լուրջ հարցեր լուծելու` ընդգծելով, որ Սաատ Հարիրի կը վերահաստատէ իր հօր` Ռաֆիք Հարիրիի որդեգրած ուղեգիծը:

Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Արսալի քննութենէն ետք կրնանք հանդիպիլ նաեւ այլ քննութիւններու, սակայն Հարիրիի ներկայութեամբ, կառավարութեան աշխատանքը աշխուժացնելով եւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ կրնանք դիմադրել այդ քննութիւններուն:

«Արաբական աշխարհին դէմ սպառնալիք կայ, սակայն Հարիրիի եւ այլ պատասխանատուներու ներկայութեան զգալի կը դառնայ Լիբանանի ապահովութիւնը երաշխաւորող ծածկը», նշեց Ժոմպլաթ:

Ան շեշտեց, որ իրենց առաջադրած թեկնածուն երեսփոխան Հանրի Հըլուն է եւ ան կը մնայ իրենց հաստատ թեկնածուն:

Իր կարգին, Սաատ Հարիրի լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախքան նախագահական ընտրութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւններ չկան, նոյնիսկ եթէ ստիպուին երկարաձգել խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը:

Ան նշեց նաեւ, որ իրենք քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ կը շարունակեն երկխօսութիւնն ու խորհրդակցութիւնները` հասնելու համար հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան:

Արսալի բնակիչներուն պատուիրակութեան հետ հանդիպման պահուն

Արսալի բնակիչներուն պատուիրակութեան հետ հանդիպման պահուն

Հարիրի ընդունեց նաեւ Արսալը ներկայացնող ընդարձակ պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Արսալի քաղաքապետ Ալի Հուժէյրիի եւ ներկայութեամբ երեսփոխաններ Ժամալ Ժարրահի, Ասեմ Արաժիի, Զիատ Քատիրիի եւ Ամին Ուեհպէի:

Հանդիպումին ընթացքին Հարիրի շեշտեց, որ Արսալի դէմ նիւթուած դաւադրութիւնը բացայայտուած է եւ անհրաժեշտ է ամէն իմաստով պահպանել Արսալն ու անոր բնակչութիւնը, ինչպէս նաեւ արգիլել ապագային անոնց դէմ հասնելիք հաւանական հարուածները:

Հարիրի շեշտեց, որ ինք 15 միլիոն տոլարի նպաստ մը պիտի տրամադրէ Արսալին, որպէսզի կարելի ըլլայ շինել դպրոցներն ու հիւանդանոցը, ինչպէս նաեւ հոգալ Արսալի կարիքները:

Հարիրի յայտնեց, որ Արսալ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի եւ Մարտ 14-ի յեղափոխութեան հաւատարիմ մնացած է եւ ինք նոյնքան հաւատարիմ կը մնայ Արսալին: Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որ ողջունեց այս պայմաններուն ներքեւ նախկին վարչապետին Լիբանան վերադարձը: Ան շեշտեց լիբանանեան քաղաքական ղեկավարութիւններուն միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը` դիմագրաւելու համար Լիբանանի սպառնացող մարտահրաւէրները:

Հարիրիի այցելեց նաեւ Ազգային ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Տորի Շամուն, որ հաստատեց, որ Հարիրիի Լիբանան վերադարձը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Լիբանանի վրայ: Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավարին այցելուներէն եղան նաեւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս եւ պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաա:

Միւս կողմէ, Հարիրի պատրաստակամութիւն յայտնեց նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը դիւրացնելու, պայմանաւ որ քաղաքական այլ խմբաւորումներ իրենց կարգին փոխադարձեն իր պատրաստակամութեան: Ան շեշտեց, որ ինք պատրաստ է նախագահական ընտրութեան թեկնածու չառաջադրելու եւ առիթ տալու, որ քրիստոնեաները որոշեն իրենց թեկնածուն:

 

Share this Article
CATEGORIES