Պետական Քննութիւններուն Սրբագրութեան Պոյքոթի Ենթարկումը Կը Շարունակուի, Իսկ Կրթութեան Նախարարը Կառչած Կը Մնայ Վկայագիրներու Այլընտրանքին
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ երէկ շեշտեց, որ իրենք պիտի շարունակեն պետական քննութիւններուն սրբագրութիւնը պոյքոթի ենթարկել` աւելցնելով, որ այդ որոշումը փոխելու միակ միջոցը աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացումն է:
Խորհուրդը ընդգծեց, որ այդ հարցին լուծումը աշակերտներուն վկայագիրներ յանձնելով կարելի չէ լուծել, այլ` այցելելով երեսփոխանական պլոքներուն եւ փորձելով վաւերացնել աշխատավարձերու յաւելումները, որոնք արդար իրաւունք կը նկատուին:
Խորհուրդը որոշեց այսօր եւ վաղը բողոքի նստացոյցեր կատարել, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց պետական պաշտօնեաներուն մասնակցելու իրենց յայտարարած գործադուլին:
Ի տես այս բոլորին եւ հանդիպում մը ունենալէ ետք Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի մէկ պատուիրակութեան հետ, կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտնեց, որ ինք հանդիպումներ ունեցած է երեսփոխանական պլոքներուն հետ եւ քաղաքական կուսակցութիւններուն հետ, սակայն ոչ մէկ կարելիութիւն կայ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստ գումարելու եւ աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու:
«Հետեւաբար կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր ուսուցիչներուն առաւօտեան ժամը 8:30-ին ներկայանալու կրթութեան նախարարութիւն եւ անցնելու սրբագրութեան: Եթէ մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00 սրբագրութիւն չկատարուի, ապա վկայագիրներ պիտի յանձնեմ 2014-ի պետական քննութիւններուն ներկայացած բոլոր աշակերտներուն», ըսաւ Ապու Սաապ:
Կրթութեան նախարարին կատարած յայտարարութենէն ետք, Անձնական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ պահանջեց, որ պետական եւ անձնական դպրոցներու ուսուցիչները մասնակցին առաւօտեան ժամը 8:00-ին կրթութեան նախարարութեան դիմաց կատարուելիք բողոքի նստացոյցին:

