«Հայ, Քիւրտ, Յոյն, Թուրք Ըլլալէ Առաջ Անոնք Թուրքիոյ Քաղաքացիներ Են, Եւ Ես 77 Միլիոն Բնակիչի Նախագահն Եմ» Կ՛ըսէ Էրտողան

0811_ErdoganԹրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավար Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կիրակի օր նախագահական ընտրութեան աւարտէն ետք արտասանած է խօսք մը` նշելով. «Թուրք, քիւրտ, հայ, յոյն ըլլալէ առաջ անոնք Թուրքիոյ քաղաքացիներ են: Իսլամ, քրիստոնեայ, եզիտի ըլլալէ առաջ անոնք Թուրքիոյ քաղաքացիներ են: Ալեւի կամ սիւննի ըլլալէ առաջ թուրքիացիներ են, եւ ես 77 միլիոն բնակիչի նախագահն եմ», ըսած է ան:

Ան յայտարարած է. «Թուրքիոյ նախագահական ընտրութեան մէջ արտայայտուեցաւ թուրք ժողովուրդին կամքը»:

Թուրք լրագրողներուն ուշադրութիւնը գրաւած է այն հանգամանքը, որ Էրտողան նախագահ դառնալէ ետք իր արտասանած առաջին խօսքին մէջ ոչ մէկ անգամ արտաբերած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Աթաթուրքի անունը:

Share this Article
CATEGORIES