Կրկին Հրթիռաձգութիւն` Նոր Գիւղի Մէջ. Երեք Զոհերու Մարմինները Յանձնուեցան Հողին
«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ 11 օգոստոս 2014-ի երեկոյեան ժամերուն զինեալ խմբաւորումներու կողմէ կազի տակառով շինուած հրթիռ մը նետուեցաւ Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի կողքին գտնուող ազգապատկան «Օշական» շէնքի պողոտային վրայ:
Բարեբախտաբար մարդկային վնասներ չկան: Նոյն ժամերուն, սուրիական բանակի զինեալ ուժերու միաւորներու եւ զինեալ խմբաւորումներու միջեւ տեղի կ՛ունենային ծանր բախումներ յատկապէս Պոսթան փաշայի շրջանին մէջ:
9 օգոստոս 2014-ի երեկոյեան ժամը 9:00-էն ետք Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանին մէջ գտնուող դեղարան «Տլտըլեան»-ի թաղը թիրախ դարձաւ զինեալ խմբաւորումներու կողմէ կազի շիշէ պատրաստուած հրթիռի արձակման: Հրթիռին պայթումին պատճառով զոհուեցան 1970-ի ծնունդ Յարութ Սարգիսեան եւ 1972-ի ծնունդ Մելքոն Պալեան: Սակայն քանի մը ժամ ետք վերոնշեալ պայթումին պատճառով ծանրօրէն վիրաւորուած Մելքոն Պալեանի եղբայրը 1974-ի ծնունդ Ժիրայր Պալեանն ալ զոհուեցաւ:
Յայտնենք, որ զոհերուն թաղման կարգը կատարուեցաւ կիրակի, 10 օգոստոս 2014-ին, Հալէպի հայ առաքելական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ:

