Հատըլ Նշանակուեցաւ Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզի Մարզիչ
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին մարզիչ Կլեն Հատըլ երէկ նշանակուեցաւ Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզի գլխաւոր մարզիչ:
56 տարեկան Հատըլ, որ 1998-ի Մոնտիալին Անգլիոյ մարզիչն էր, պիտի աշխատի Հերի Ռետնափի հետ, յայտնեց ակումբի պաշտօնական կայքը:
Վուլվզը լքելէն ետք (2006) Հատըլ որեւէ խումբի մարզիչի պաշտօնը չէ ստանձնած:
Նշենք, որ անոր նոր ակումբը «Փրեմիեր լիկ»-ի առաջին մրցումին պիտի հիւրընկալէ Հալ Սիթին (շաբաթ օր):
CATEGORIES Մարզական