Ճատրակ. Աշխարհի 41-րդ Ողիմպիական. Հայաստան – Սերպիա` 2-2. Ռուսիա – Հայաստան` 2,5-1,5
Թրոմսոյի մէջ (Նորվեկիա) տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի 41-րդ միջազգային ողիմպիականի 9-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, Հայաստանի տղոց հաւաքականը 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սերպիոյ հետ:
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, Հայաստան այժմ 177 խումբերուն մէջ կը գրաւէ 13-րդ դիրքը:
Հայրենի կազմը ցարդ արձանագրած է 5 յաղթանակ, 3 հաւասարութիւն եւ կրած պարտութիւն մը:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Չինաստան, որ ցարդ անպարտելի միակ խումբն է, 9-րդ հանգրուանին 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ուքրանիոյ հետ (3-րդ), իսկ 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Ֆրանսա յաղթեց Չեխիոյ (2,5-1,5):
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցաշարքին (136 խումբ), պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ռուսիա, որ ցարդ անպարտելի միակ խումբն է, 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթեց Հայաստանի (11-րդ):
Էլինա Դանիէլեան (2490) յաղթանակ արձանագրեց, մինչ Լիլիթ Կալոյեան (2275)` հաւասարութիւն մը: Լիլիթ Մկրտչեան (2453) եւ Մարիա Քուրսովա (2313) պարտուեցան:
Ռուսիոյ ետին գտնուողները` Չինաստան եւ Ուքրանիա, իրենց կարգին յաղթանակներ արձանագրեցին:
10-րդ հանգրուանի մրցումներուն Հայաստանի տղոց մրցակիցն է Վիեթնամ, իսկ աղջկանցը` Խրուաթիա:

