Ալաշկերտի Միջնապահ Գէորգ Օհանեան Կը Տեղափոխուի Լիբանան
Tert.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ երէկ` երեքշաբթի, 12 օգոստոսին, Ալաշկերտի միջնապահ Գէորգ Օհանեան երկկողմանի համաձայնութեամբ, իր պայմանագրութիւնը խզեց իր ակումբին հետ, կը յայտնէ հայկական ակումբին պաշտօնական կայքը:
Ան առաջարկ ստացած է Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբէն: Անոր ակումբը, ընդառաջելով Օհանեանին, համաձայն գտնուած է, որ ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ արտասահմանի մէջ:
Նշենք, նաեւ, որ փոխադարձ համաձայնութեամբ ակումբին հետ իր պայմանագրութիւնը խզած է նաեւ Ալաշկերտ-2-ի խումբին մարզիչը` Կամօ Մահտեսեան:
CATEGORIES Մարզական

