Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Աղջկանց Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Յաղթեց, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` Պարտուեցաւ
Երէկ երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի ունեցան Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան «Ֆայնըլ-ֆոր»-ի երկու ճակատումները:
ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ մրցեցաւ Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլի դէմ, 54-31 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Իսկ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մրցեցաւ Շապապ Արապիի դէմ, 61-56 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ:
Նշենք, որ երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:
CATEGORIES Մարզական

