50 Տարի Առաջ (14 Օգոստոս 1964)

Հայկական Ձեռագիրներու
Հաւաքածոյ Մը Հրատարակուած՝
Ամերիկեան Թանգարանի Մը Կողմէ

Միջնադարու արուեստներով զբաղող ոեւէ մտաւորական, աշխարհի որ կողմն ալ գտնուի, պիտի օգտուի ուսումնասիրութեամբը հայկական ձեռագիրներու այն հաւաքածոյին, որ հրատարակուած է «Ֆրիր կալրնի աֆ արթ» հաստատութեան կողմէ:

Այս հրատարակութիւնը պատրաստուած է անուանի բիւզանդագէտ եւ հեղինակաւոր հայագէտ փրոֆ. Սիրարփի Տէր Ներսէսեանի կողմէ: Հրատարակիչները, Ուաշինկթընի «Ֆրիր կալըրի աֆ արթ»-ը, ցրուելու վրայ են ձեռագիրներու այս հաւաքածոն բոլոր համալսարաններուն եւ մատենադարաններուն: Հիմնուած չորս աւետարաններու ձեռագիրներուն վրայ` հաւաքածոյին մէջ կը գտնուին հայկական մանրանկարչութեան եւ զարդարուեստի փայլուն վերարտադրութիւններ: Սուրբգրային ձեռագիրները գրի առնուած են 11-րդ դարէն մինչեւ 17-րդ դար ինկող ժամանակաշրջանի մը ընթացքին:

Ըստ թանգարանի տնօրէն տոքթ. Ճոն Ա. Փոփի վկայութեան, փրոֆ. Տէր Ներսէսեան «հեղինակութիւն մըն է հայկական արուեստի մէջ»: Շնորհակալութիւն յայտնելով հայ մտաւորականին աշխատակցութեան համար` տոքթ. Փոփ կը շարունակէ. «Մեծապէս երախտագէտ ենք այն ժամանակին համար, որ ան, իր աշխատանքէն դուրս, տրամադրեց ազնուաբար պատրաստելու համար այս հրատարակութիւնը: Ոեւէ մտաւորական, որ կը փափաքի լուրջ ուսումնասիրութեան մը ենթարկել հայկական ձեռագիրները, պէտք է լրջօրէն ուսումնասիրէ այս գիրքը»:

Փրոֆ. Տէր Ներսէսեան անընդհատաբար աշխատեցաւ 1945 թուականէն ի վեր, երբ կը գործակցէր բիւզանդական արուեստի եւ հնաբանութեան փրոֆ. Հանրի Ֆոսիյոնի: Հռչակաւոր հայ մտաւորականուհին, որ ծնած է Պոլիս, ծանօթ հայ ընտանիքէ մը, այժմ կը բնակի Փարիզ, Ֆրանսա: Ան ներկայիս կը պատրաստէ գիրք մը` Կիլիկիոյ լուսաւորութեան շրջանին նուիրուած: Նախքան Հարվըրտ համալսարանի կապուած Տըմպերթըն Օքսի քոլեճին մէջ դասախօսելը` փրոֆ. Տէր Ներսէսեան 16 տարի վարեց Մասաչուսեցի Ուէլսլի քոլեճի արուեստի բաժանմունքը:

Փրոֆ. Տէր Ներսէսեանի հաւաքածոն կը պարունակէ պատմականն ու պայմանները «Ֆրիր կալըրիի» մէջ գտնուող հայկական չորս ձեռագիրներուն եւ կու տայ մեկնաբանութիւններ անոնց խորհրդաբանական իմաստին մասին:

Բացատրականը տալով իր աշխատանքին` փրոֆեսէօրը կը գրէ գիրքի նախաբանին մէջ. «Ամէնէն մանրամասնեալ մասը պատկերներու ուսումնասիրութիւնն է, տրուած ըլլալով, որ ձեռագիրները որպէս նախնական արժէք` արուեստի կտորներ են: Նշանակած եմ, ուր որ կարելիութիւն կար, այն բոլոր ապրող գործերը, որոնք գլուխ հանուած են գրիչին կամ մանրանկարիչին կողմէ: Կը յուսամ, որ Կիլիկեան չորս աւետարաններու ուսումնասիրութեամբ կարելի պիտի ըլլայ գաղափար մը կազմել այդ շրջանի արուեստին մասին… արուեստ մը, որ իր կենսունակութիւնն ու անհատականութիւնը պահած է անցնող երկար ժամանակաշրջանի ընթացքին»:

Հայկական ձեռագիրներու փոքր, բայց ընտիր հաւաքածոն, որ կը գտնուի «Ֆրիր արթ կալըրի»-ի մէջ, կը համարուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուողներուն կարեւորագոյնը եւ առաջինը, որ արդիականօրէն ուսումնասիրուած եւ դասաւորուած է: Հաւաքածոյին մէջ կը գտնուին վեց աւետարաններ, տաղարան մը եւ սաղմոսարան մը: Ամենահին ձեռագիրը կը կրէ 11-րդ դարու կնիքը, եւ որ երկաթագիր գրուած աւետարան մըն է: Չորս այլ աւետարաններ, գրուած 12-րդ եւ 13-րդ դարերուն պատրաստուած են Կիլիկիոյ մէջ: Ութ հատորները կը պարունակեն մագաղաթի 2500 թերթեր եւ 220 էջ մանրանկարներ, ինչպէս նաեւ` զարդարուած վերնագրեր, սկզբնատառեր եւ ենթավերնագրեր:

Հայկական ձեռագիրներու հաւաքման աշխատանքը սկսած է 1890-ական թուականներուն, երբ ձեռք ձգուած է հինգ հատոր հին ձեռագրեր: Աւելի ետք, երբ թանգարանը տիրացած է այլ հատորներու, 1945-ին ծրագրուած է հրատարակութիւնը ներկայ հատորին: Տոքթ. Փոփ կը բացատրէ, թէ հայկական ձեռագրերու ներկայ հատորը կը բաժնուի ձրիաբար բոլոր արուեստի կեդրոններուն եւ մատենադարաններուն: «Ֆրիր կալըրի»-ն, որ մէկ ճիւղն է Ամիթսընեան հաստատութեան, հրատարակած է այս հաւաքածոն Ֆորտ հաստատութեան օժանդակութեամբ, որ այս ծրագրին համար յատկացուցած է 12,590 տոլար:

Նման հնդկական, չինական, պարսկական եւ ճափոնական հաւաքածոներուն, որոնք հրատարակուած են «Ֆրիր կալըրի»-ի կողմէն, տոքթ. Փոփ կը հաւատայ, որ հայկական ձեռագիրներու այս հատորը նպաստ մըն է համաշխարհային արուեստներուն: «Մենք հպարտ ենք,- կ՛ըսէ ան,- որ «Ֆրիր» ունեցած է արժէքաւոր հաւաքածոյ մը եւ գործակցած է հռչակաւոր մտաւորականի մը հետ, ինչպիսին է փրոֆ. Տէր Ներսէսեան, հրատարակելու համար ներկայ հատորը»:

ԱՏԴ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )