Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Գեղարուեստական Երեկոյ`
Մասնակցութեամբ
Ա.Ք.Ե. Ճեմարանի Աշակերտութեան

0713yeregoԱզգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան վարչութիւնը, հաւատարիմ իր առաքելութեան, արտադպրոցական աշակերտական ձեռնարկները կարեւոր համարելով եւ նոր սերունդներուն մէջ հայ մշակոյթին հանդէպ սէրը վառ պահելու միտումով, արհամարհելով ներկայ պայմաններն ու քաղաքի անապահով վիճակը, 6 եւ 13 յուլիսին Հալէպի «Գէորգ Եսայեան» սրահին մէջ կազմակերպեց գեղարուեստական երեկոյթ մը` վարժարանի 10-րդ եւ 11-րդ կարգերու աշակերտութեան մասնակցութեամբ:

Ճեմարանականները խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեցին օտար եւ հայկական պարերու, զաւեշտի, երգերու եւ ասմունքի ներկայացումներով:

Այս առիթով Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան վարչութիւնը շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց վարժարանի խնամակալութեան, տնօրէնութեան` անոնց մնայուն քաջալերանքին համար:

Աւարտին խօսք առաւ ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլեճեան, որ շեշտեց, թէ այնքան ատեն որ այսքան մեծ թիւով ճեմարանականներ կը շարունակեն իրենց ուսման կողքին աշխուժ գործունէութիւն ծաւալել` հակառակ Հալէպի մէջ տիրող աննկարագրելի տագնապին, հալէպահայ գաղութը անսասան պիտի պահէ վերականգնումի իր յոյսն ու հաւատքը:

 

Իրան           

Սուրբ Թադէի Ուխտագնացութիւններու 60-րդ
Օղակը Հաւատքի Ամուր Մանեակը Ամրացուց
Համայն Հայութեան Վիզին

Ատրպատականի Ազգային առաջնորդարանի դէպի Սուրբ Թադէ կատարուած հաւատքի ուխտագնացութիւններու վերսկսման 60-րդ տարեդարձը կատարելով, ինչպէս նաեւ Ատրպատականի հայոց թեմի հիմնադրութեան 770-ամեակը տօնախմբելով` ընդհանրապէս իրանահայութիւնը եւ մասնաւորապէս Ատրպատականի հայութիւնը ապրեցաւ պատմական օրեր, եռօրեայ կեցութեամբ վանքի տարածքին, յուլիս 31-էն մինչեւ օգոստոս 2, 2014:

Kaghout_oukhd-(1)Հովանաւորութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի, 60-րդ տարին ըլլալով, Իրանի տարբեր քաղաքներէն եւ արտասահմանէն մեծաթիւ ուխտաւորներ ժամանեցին Ս. Թադէի վանքը, ժամասացութեամբ, Ս. պատարագով եւ ազգային ժողովրդային տօնախմբութեամբ կատարելու Ս. Թադէոս Առաքեալի եւ Ս. Սանդուխտ Կոյսի տօնը:

Ազգային վարչութեան հովանաւորութեամբ, Վանքերու ուխտագնացութեան յանձնախումբին ջանքերով եւ 60-ամեակի առիթով կեանքի կոչուած մշակութային յատուկ յանձնախումբի աշխատանքով եռօրեայ ուխտագնացութեան ծրագիր պատրաստուած էր: Նախապէս վանքի շրջապատին մէջ լարուած հարիւրաւոր վրաններու ապահովումը կատարուած ըլլալով, ուխտաւորներ տեղաւորուեցան` նախապատրաստուելով` յառաջիկայ երկու օրերու յայտագիրներուն:

60-ամեակի մշակութային յանձնախումբին կողմէ ուխտաւորներու երեխաներուն յատուկ յայտագրեր` խաղեր եւ մրցոյթներ կազմակերպուած էին, ինչպէս` ճատրակի մրցում, ուրախ ժամանց եւ ազատ բեմ եւ այլ հաճելի խաղեր, որպէս սկիզբ ազգային խանդավառ ուխտաւորութեան: Յայտնենք, թէ 60-ամեայ ուխտագնացութիւններու շարանը պատկերացնող լուսանկարներու ցուցահանդէս եւս կազմակերպուած էր եկեղեցւոյ արեւմտեան շրջափակին մէջ:

Օրուան աւարտին, հոգեւոր հայրերու կողմէ որպէս գոհաբանութիւն, կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն` բարեպաշտ հաւատացեալներու աղօթական ներկայութեան:

Ուխտագնացութեան երկրորդ օրը բացուեցաւ առաւօտեան ժամերգութեամբ, երբ շրջակայ լեռներուն մէջ դարձեալ զնգաց Ս. Թադէի մելանուշ զանգը` վրանաքաղաքի բարեպաշտ ժողովուրդը հրաւիրելով աղօթքի ու զԱստուած փառաբանելու երջանիկ պահուան:

Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ զետեղուած յատուկ տաղաւարներու ներքեւ կը վաճառուէին նաեւ այս տարուան համար պատրաստուած յուշանուէրներ,  որոնց հասոյթէն գոյացած գումարը պիտի յատկացուի թեմի վանքերու բարեզարդման ու պահպանման:

Նոյն օր դարձեալ շարունակուեցան երեխաներու յատուկ մրցումներ, եւ պարգեւներ բաշխուեցան յաղթողներուն:

Kaghout_oukhd-(2)Երեկոյեան վանք ժամանեցին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանն ու Ատրպատականի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանը: Ժողովրդային դիմաւորութիւն տեղի ունեցաւ վանքի հիւսիսային դրան առջեւ, եւ աղ ու հացի օրհնութենէն ետք, սրբազան հայրերը ուղղուեցան դէպի եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ կանոնական աղօթք: Այս առիթով առաջնորդ սրբազանը բարիգալստեան խօսք ուղղեց ուխտաւորներուն եւ Թեհրանի հայոց առաջնորդին, որ նաեւ իր սրտի խօսքը փոխանցեց ուխտաւորներուն:

Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ գիշերային ժամերգութիւն` մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն եւ բարեպաշտ ուխտաւոր ժողովուրդին: Այս տարի եւս, եկեղեցւոյ մէջ զետեղուած գամերով լեցուն հսկայ խաչին վրայ ուխտաւորներ իրենց սրտի փափաքները արձանագրեցին ու դրին` խնդրելով Ս. Թադէոս Առաքեալին եւ Ս. Սանդուխտ Կոյսին բարեխօսութիւնը:

Գիշերուան ուշ ժամերէն սկսեալ մինչեւ առաւօտեան ժամը 4:00, եկեղեցւոյ արեւմտեան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդական հաւաք եւ ազատ բեմ` ղեկավարութեամբ Կարէն Սարգիսեանի: Ներկայ երիտասարդութիւնը երգերով, պարերով մեծ խանդավառութիւն վայելեց: Առաւօտեան ժամը 4:00-ին խօսք առնելով` առաջնորդ սրբազանը իր մեծ գոհունակութիւնը յայտնեց տաղանդաշատ երիտասարդութեան սրտաբուխ մասնակցութեան համար` յատկապէս շեշտելով եկեղեցւոյ հովանաւորութեան ներքոյ ապրելու եւ մնալու անհրաժեշտութիւնը: Եկեղեցւոյ սրբազան կամարներու ներդաշնակ դարաւոր արձագանգի խորհրդաւորութեան մէջ Ատրպատականի հայոց թեմի «Կոմիտաս» երգչախումբը համերգով հանդէս եկաւ` ղեկավարութեամբ երաժիշտ խմբավար Վարդան Վահրամեանի:

Յայտագիրի աւարտին թեմակալ առաջնորդը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց «Կոմիտաս» երգչախումբին ու անոր ղեկավարին:

Ժամերգութեան աւարտին, ՀՄԱԿ-ի Թաւրիզի մասնաճիւղի սկաուտական կազմը կարգապահ շարքերով թափօր կազմեց, եւ առաջնորդ սրբազանի ձեռամբ Սուրբ Թադէի եկեղեցւոյ խորանէն վառած մոմը առաջնորդեց դէպի զանգակատան տակը, ուր սրբազան հօր ձեռամբ վառեցաւ միջմասնաճիւղային խաղերու ջահը:

Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդը խօսք առնելով, յատկապէս անդրադարձաւ 60 տարիներու ուխտագնացութեան շարունակական ընթացքին` ըսելով. «Սա պատգամ է` 60 տարիներու քրիստոնեայ-իսլամ ներդաշնակ կեանքի խորքէն եկող, որ ուղղուած է համայն աշխարհին` ըսելով, իսլամնե՛ր եւ քրիստոնեանե՛ր, ձեր խղճին հակառակ մի՛ շարժիք: Մենք կրնանք միասնաբար ապրիլ, ինչպէս ապրած են մեր նախնիք ու կ՛ապրինք մենք այսօր Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ: Աշխարհը երբեք նեղ չէ տարբեր կրօններու եւ ազգութիւններու` կողք կողքի ապրելուն համար: Աշխարհի մէջ չկա՛ն կրօններու յատուկ երկիրներ: Այս աշխարհը Ամենակալ ու Միակ Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած է ու հաւասարապէս պարգեւուած համայն մարդկութեան: Այսօր մենք Իրանի մէջ երբ նման յարգանք կը ցուցաբերենք իրարու նկատմամբ, Ս. Թադէի վանքէն ձեզի կը յղենք մեր պատգամը, դուք ալ հանդուրժողութեամբ ընդունեցէք զիրար, յարգեցէք ձեր կրօնական տարբերութիւնները եւ միասնաբար պայքարեցէք ահաբեկչութեան, մարդասպանութեան, աւերածութեան ու հաւաքական ջարդերու դէմ», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը:

Իր խօսքին երկրորդ մասով ան անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին գտնուելու իրողութեան` ըսելով. «Ընդամէնը մէկ տարի մեզ կը բաժանէ մեր ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն սեւ տարիին 100-ամեակը նշելու թուականէն: Այս վանքին քարերը վկայ, թէ ինչպիսի՛ կոտորածներ են տեղի ունեցած օսմանցիներու դէպի Իրան ներխուժման շրջանին, որոնք իրենց շուրջ միայն մահ ու աւեր սփռեցին: Սակայն մեր ժողովուրդին հաւատքով եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան աջակցութեամբ մոխիրներու տակէն դարձեալ դուրս բերուեցաւ Ս. Թադէն: Վանքի այսօրուան ծաղկուն վիճակը նաեւ խորհրդանիշ է հայ ժողովուրդի յարութեան եւ անմահութեան, որուն համար նաեւ երախտագիտութիւն կը յայտնենք մեր այս հայրենիքին` Իրանի պետական աւագանիին` սկսած կրօնական առաջնորդէն, մինչեւ նախագահ եւ այլ պատասխանատուներ, մինչեւ դուք, յարգելի կուսակալ», շեշտեց սրբազանը:

Ս. պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան:

«Հայր Մեր»-էն առաջ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան խորանէն կարդաց Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեան գիրը` ձօնուած թէ՛ ուխտագնացութիւններու 60-ամեակին, թէ՛ Ատրպատականի հայոց թեմի հիմնադրութեան 770-ամեակին: Ապա ան հրաւիրեց պատարագիչ սրբազանը` տալու օրուան հոգեւոր պատգամը:

Սեպուհ սրբազան իր քարոզին մէջ վեր առաւ Ս. Թադէոս Առաքեալին եւ Ս. Սանդուխտ Կոյսին նահատակութեան սրբազան պատկերը` զոհաբերութեան նոյն ոգին տարածուած տեսնելով համայն քրիստոնէական կեանքին վրայ, ներկայ տառապող մարդկութեան առօրեային մէջ:

Ապա ներկայ հոգեւորականները բեմ բարձրանալով` միասնաբար կատարեցին ջրօրհնէքը սուրբ մասունքներով, որմէ ետք ծայր առաւ թափօրը` եկեղեցւոյ հիւսիսային շրջափակէն մինչեւ հարաւային շրջափակը: Աւարտին, Սեպուհ սրբազանին պահպանիչով վերջ գտաւ հանդիսաւոր արարողութիւնը:

 

Միացեալ Նահանգներ

Յունաստանի Առաջնորդ Խորէն Արք.
Տողրամաճեան Կ՛այցելէ Արեւմտեան Թեմ

0730serpazan30 յուլիսին Լոս Անճելըս գտնուող Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան այցելեց Ազգային առաջնորդարան եւ դիմաւորուեցաւ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ: Երկու հոգեւոր առաջնորդները խորհրդակցութիւն ունեցան զոյգ թեմերը յուզող հարցերու շուրջ:

Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հրաւէրով, կիրակի, 3 օգոստոսին, Խորէն արք. Տողրամաճեան Ս. պատարագ մատուցեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ:

Յայտնենք, որ Ազգ. առաջնորդարանի «Եկեղեցին հայկական» պատկերասփիւռի յայտագիրը նաեւ հարցազրոյցով մը պիտի հիւրընկալէ հիւր առաջնորդը:

Գրականագէտ Պօղոս Սնապեանի Մահուան
Քառասունքին Առիթով
Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

0720boghosՄեծանուն գրող, գրական քննադատ ու սիրուած ուսուցիչ Պօղոս Սնապեանի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 20 յուլիսին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

Հոգեհանգստեան արարողութեան ներկայ էին հանգուցեալի հարազատներէն դուստրն ու փեսան` Կարինէ եւ Սագօ Փանոսեաններ, որդին ու հարսը` Գալէ եւ Լիլիթ Սնապեաններ, Պ. Սնապեանի համաքաղաքացիները, կուսակցական ընկերները ու համակրողներու ստուար բազմութիւն մը. անոնք եկած էին իրենց վերջին յարգանքի տուրքը մատուցելու հանգուցեալի յիշատակին:

 Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ
Ընտանեկան Երեկոն

25 յուլիսին, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ «Ընտանեկան երեկոյ»:

Օրուան հանդիսավար Կրեկ Մարթայեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան կատարեց սեղանի օրհնութիւնը եւ փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Ապա հոգաբարձութեան ատենապետ Լեւոն Արապեան, խօսք առնելով` հոգաբարձութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, որ քաջալեր հանդիսացան եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 51-ամեակի այս առաջին ձեռնարկին:

Սաթամեանական Ծիծաղի Երեկոյ

0726krikorԿազմակերպութեամբ Փասատինայի Հայ դատի յանձնախումբին, 26 յուլիսին Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ծիծաղի երեկոյ մը` մասնակցութեամբ յայտնի կատակաբան եւ դերասան Գրիգոր Սաթամեանի:

Փասատինայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Շողիկ Եփրեմեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք  ներկաներուն փոխանցեց մասնաճիւղի պատգամը: Ապա ան բեմ հրաւիրեց Արա Տապանճեանը եւ անոր «Էլեմընթ» նուագախումբը, որոնք հրամցուցին երգերու փունջ մը:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Գրիգոր Սաթամեան:

 

Քանատա

Սարիկ Անդրէասեանի Ժապաւէնը
Ընդգրկուած Է
Թորոնթոյի Փառատօնի Ցանկին Մէջ

Sarig-AndreassianՇարժանկարի բեմադրիչ Սարիկ Անդրէասեանի «Կողոպուտ ամերիկեան ձեւով» ժապաւէնը ընդգրկուած է Թորոնթոյի շարժանկարի փառատօնի ցանկին մէջ եւ կը մրցի գլխաւոր մրցանակին համար:

«Կողոպուտ ամերիկեան ձեւով» ժապաւէնը պատմութիւնն է երկու եղբայրներու, որոնք կ՛որոշեն իրագործել «դարուն կողոպուտը»: Նկարահանումները կատարուած են 2013-ի ամրան Նիւ Օրլինզի մէջ: Գլխաւոր դերերը ստանձնած են Էտրիան Պռոտի, Հայտըն Քրիսթէնսէն, Ճորտանա Պրիւսթէր, Ռեփեր Այքոն: Ժապաւէնի պիւտճէն կազմած է 8 միլիոն տոլար: Ժապաւէնին երաժշտութեան հեղինակն է Արտաշէս Անդրէասեան: Փառատօնը տեղի պիտի ունենայ  4-14 սեպտեմբեր 2014-ին:

Նշենք, որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Ռուսիան ներկայացնող բեմադրիչի գործ մը ընդգրկուած է Թորոնթոյի փառատօնի մրցումին:

 

Արժանթին

«Նոյ» Խումբի Հայկական Ժողովրդական
Երաժշտական Ելոյթը

0726noy26 յուլիսին, Պուէնոս Այրեսի Փալերմօ թաղամասի «Արմէնիա» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Նոյ» երաժշտական խումբին ելոյթը, որ քանի մը ժամ շարունակ հնչեցուց հայկական ժողովրդական երաժշտութիւն:

«Նոյ»-ի անդամներէն եւ համերգի կազմակերպիչ Առնօ Ստեփանեան յայտնեց, որ համերգի նպատակը հայկական երաժշտութեան տարածումն է` աւելցնելով, որ նման համերգներու առկայութիւնը յատկապէս կարեւոր է փոքրիկներու համար, որոնք հեռու են Հայաստանէն եւ անոնց կապը հայկական մշակոյթին հետ աւելի տկար է: Ան նկատել տուաւ, որ հայկական ժողովրդական երաժշտութիւնը շատ նման է արժանթինեան ժողովրդական երաժշտութեան եւ իրենք կը փորձեն միաձուլել կշռոյթներն ու ոճերը եւ ներկայացնել հայկական ժողովրդական ստեղծագործութիւններ` նոր գործիքաւորումով:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )