Մաքսային Միութիւնը Կ՛ուսումնասիրէ Եգիպտոսի Հետ Ազատ Առեւտուրի Գօտի Ստեղծելու Հաւանականութիւնը

Սիսի եւ Փութին

Սիսի եւ Փութին

«ՌԻԱ Նովոսթի»` վկայակոչելով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յայտարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ Մաքսային միութեան անդամ երկիրները կ՛ուսումնասիրեն Եգիպտոսի հետ ազատ առեւտուրի գօտի ստեղծելու կարելիութիւնը:

Փութին այդ մասին յայտարարած է Սոչիի մէջ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ բանակցութիւններէն ետք: Ան այս քայլը որակած է «կարեւոր համաձայնութիւն»:

Մաքսային միութեան ծիրին մէջ Եգիպտոսի եւ Ռուսիոյ տնտեսական համագործակցութեան հեռանկարները նախապէս քննարկուած էին մարտին` Եգիպտոսի եւ Ռուսիոյ միջեւ առեւտրական-տնտեսական եւ գիտական համագործակցութեան յանձնախումբի մակարդակին վրայ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )