ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՈՒԹ ՓՈՐՁ-ՄՐՑՈՒՄ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐԷ ԽՐՈՒԱԹԻՈՅ ՄԷՋ
Երէկ, Հայաստանի 16 տարեկանէն վար պասքեթպոլի ազգային հաւաքականը մեկնեցաւ Խրուաթիա, ուր պիտի կատարէ ութ փորձ-մրցում` պատրաստուելու համար Եւրոպայի ախոյեանութեան: Նշենք, որ հաւաքականին մարզիչն է Սերկէյ Զոզուլին:
Հայկական լրատու աղբիւրներ յայտնեցին, որ Հայաստանի պատանիներու հաւաքականի նախապատրաստական նման լուրջ ուսումնամարզական հաւաք կատարելու առնչութեամբ իր զօրակցութիւնը յայտնած է նաեւ Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան:
Նշենք, որ Հայաստանի կազմին մէջ են Ռուսիոյ ակումբներուն մէջ խաղցող հայազգի բազմաթիւ խոստմնալից պատանիներ:
CATEGORIES Մարզական