ԹԵՆԻՍ. ՊՐՈՒՄՄԱՆԱՅԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԱՐԷՆ ԳԱՄԱՔԵԱՆ, ՄԱՅՔԸԼ ՏԱՐՕՆԵԱՆ ԵՒ ՍԱԳՕ ՃՈՆԻՃԵԱՆ ԱՅՍՕՐ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԻՆ ԿԱՏԱՐԵԼԻՔ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, այսօր «Պրումմանա» ակումբին մէջ կը շարունակուին Լիբանանի թենիսի բաժակի մրցաշարքին մրցումները` չորրորդ օրն ըլլալով:

Մրցումները կը սկսին ժամը 10:15-ին: Վերջին մրցումը պիտի սկսի ժամը 18:30-ին:

Այսօր մրցումներ ունին կատարելիք երեք հայ խաղացողներ:

Ժամը 10:15-ին Սագօ Ճոնիճեան պիտի մրցի Ժորժ Շամունի դէմ: Ժամը 12:30-ին Արէն Գամաքեան իր դէմ պիտի ունենայ Նայիմ Ռապայը, իսկ ժամը 17:30-ին, Մայքըլ Տարօնեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Քարլ Շըհիուն:

Կ՛ակնկալուի, որ երեք հայերն ալ դիւրութեամբ ապահովեն յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսերը:

Share this Article
CATEGORIES