Մեր Կորուստները. «Հայերն Այսօր» Ելեկտրոնային Թերթի Գլխաւոր Խմբագիր Հայկ Կարապետեան Կնքեց Իր Մահկանացուն
Երկարատեւ եւ ծանր հիւանդութենէ ետք, 59 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային թերթի գլխաւոր խմբագիր, ճանչցուած լրագրող եւ մշակութային գործիչ Հայկ Կարապետեան:
Աւարտելով Երեւանի պետական համալսարանը` Կարապետեան իր ամբողջ կեանքը նուիրեց Հայաստանի ազգային ձայնասփիւռի կայանին` այստեղ վարելով հաղորդումներ սփիւռքահայերուն համար, նախաձեռնելով եւ ղեկավարելով քրիստոնէական դաստիարակութեան նուիրուած հաղորդաշարեր:
Իբրեւ Յովհաննէս Չեքիճեանի գլխաւորած ակադեմական Կապելլայի երգչախումբի անդամ, ան երգչախումբին հետ հիւրախաղերով հանդէս եկած էր աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ:
2010 թուականէն Հայկ Կարապետեան «Հայերն այսօր»-ի գլխաւոր խմբագիրն էր: Ան մեծ աւանդ ունեցաւ ազգային կեանքի լուսաբանումին եւ հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդումին մէջ:
«Ազդակ» կը ցաւակցի «Հայերն այսօր»-ի խմբագրութեան:

