Ըստ ԱՓԱ-ի. Ուաշինկթըն Մերժած Է Ազրպէյճանին Վաճառել Աֆղանիստանէն Դուրս Բերուած Սպառազինութիւնը

0819_US-AzerbaijanԶինուորական աղբիւրներ ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներ մերժած են Ազրպէյճանի դիմումը` կապուած Աֆղանիստանէն հեռացուած «Քուկըր» եւ HMMWV տիպի զինուորական փոխադրամիջոցներ իրեն վաճառելու հարցին:

Այդ որոշումը պատճառաբանուած է Ուաշինկթընի` հակամարտող կողմերուն զէնք վաճառելու արգելքին գոյութեամբ:

Մէկ տարի առաջ յայտարարուած էր, որ Աֆղանիստանէն դուրս բերուող սպառազինութեան մեծ մասը պիտի վաճառուի, իսկ նախապատուութիւնը պիտի տրուի այն երկիրներուն, որոնք աշխուժօրէն կը մասնակցին խաղաղարար գործողութիւններուն:

Ազրպէյճանական խաղաղապահ ջոկատները պիտի օգտագործեն հակաականային պաշտպանական համակարգով յագեցած տեղական արտադրութեան «Մաթատոր» եւ «Մարոտըր», ինչպէս նաեւ թրքական արտադրութեան «Քոպրա» զրահամեքենաներ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )