Հայաստանի Կառավարութիւնը Չէ Յստակացուցած Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Համաձայնագիրը Ընդունելու Ժամկէտը

Դաւիթ Յարութիւնեան

Դաւիթ Յարութիւնեան

Հայաստանի կառավարութիւնը տակաւին չէ յստակացուցած Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու վերաբերեալ համաձայնագիրը ընդունելու ժամկէտը: Այս մասին յայտարարեց կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան:

«Դժուար է ըսել, թէ արդեօք նախագիծը նախարարներու խորհուրդի նիստին մինչեւ օգոստոսի վերջը պիտի ներկայացուի՞: Ամէն ինչ կախեալ է կառավարութեան նիստին տեղի ունենալիք  քննարկումէն», ըսաւ Յարութիւնեան, ըստ որուն Հայաստանի կառավարութեան կողմէ համաձայնագիրի ընդունման ժամկէտը կապ չունի Ռուսիոյ նախարարներու խորհուրդին կողմէ ընդունման հետ:

Յիշեցնենք, որ 14 օգոստոսին Ռուսիոյ  կառավարութիւնը երկրի նախագահին Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին համաձայնագիրին Հայաստանի միանալուն վերաբերեալ համաձայնագիր ստորագրելու առաջարկ ներկայացուցած էր: Կառավարութիւնը անկէ շաբաթ մը առաջ` 7 օգոստոսին ընդունած էր համաձայնագիրը: Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի միանալու մասին համաձայնագիրը պատրաստած է Եւրասիական տնտեսական յանձնախումբը` Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի եւ Հայաստանի իշխանութեան մարմիններուն հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )