Լիվըրփուլ Կը Միանայ Ֆալքաոն Գնելու Պայքարին

0819_falcaoԵւրոպական շարք մը անուանի ակումբներու կողքին, Լիվըրփուլ եւս կ՛ուզէ իր կազմին մէջ ունենալ Քոլոմպիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Մոնաքոյի յառաջապահ Ռատամել Ֆալքաոն, կը յայտնէ «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը:

Նշենք, որ Ֆալքաոյով շատ մօտէն հետաքրքրուած են Եուվենթուս եւ Ռէալ Մատրիտ:

Ռէալի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթիի համաձայն, թէեւ իր կազմին համար փոխանցումները աւարտած են, սակայն Ֆալքաոյի պարագան կրնայ բացառութիւն մը ըլլալ:

Իր կարգին, Եուվենթուս ճիգ կը թափէ գնելու 28 տարեկան ֆութպոլիստը, եթէ ոչ այս ամրան ընթացքին, սակայն անպայման յառաջիկայ ձմրան, երբ մարզիկներու փոխանցումները վերստին ընթացք առնեն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )