Մոնտիալի Պատմութեան Մրցանշակիր. Ժիւսթ Ֆոնթեն Տօնեց Իր Ծննդեան 81-րդ Տարեդարձը
Ֆրանսացի անուանի ֆութպոլիստ Ժիւսթ Ֆոնթեն նախանցեալ օր տօնեց իր ծննդեան 81-րդ տարեդարձը:
Ֆոնթեն աշխարհահռչակ դարձաւ 1958-ի Մոնտիալին, որ տեղի ունեցաւ Շուէտի մէջ: Ան պրոնզէ մետալակիր Ֆրանսայի հետ այդ Մոնտիալին նշանակեց 13 կոլ:
Ատիկա Մոնտիալի պատմութեան մէջ մրցանիշ կը նկատուի, որովհետեւ Ֆոնթենէն բացի ոեւէ այլ մարզիկ չէ յաջողած մէկ Մոնտիալի ընթացքին 13 կոլ նշանակել:
1958-ի Մոնտիալի կիսաւարտականին Ֆրանսա 5-2 արդիւնքով պարտուեցաւ ապագայ ախոյեանէն` Պրազիլէն: Այդ մրցումին Ֆոնթեն նշանակեց միայն մէկ կոլ, մինչ պրազիլցի անցեալի աստղ Փելէ հեթրիք մը իրագործեց:
CATEGORIES Մարզական

