Պասքեթպոլ. Խալիլ Եւ Խուէյրի Վերադարձան Սերպիայէն
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց կրտսերներու ազգային խումբին մաս կազմող երկու մարզիկներ Ժատ Խալիլ եւ Մանսուր Շուէյրի Պելկրատէն (Սերպիա) վերադարձան Լիբանան: Պելկրատի մէջ անոնք յատուկ բանակումի մը մասնակցեցան` իրենց մարզիչ ունենալով սերպ Ալեքսանտր Մաթուվիչը:
Այդ երեք շաբթուան ժամանակամիջոցին, անոնք իւրաքանչիւր օր կատարեցին երեք տարբեր տեսակի փորձեր:
Լիբանան վերադարձով անոնք իրենց սովորական փորձերը պիտի շարունակեն` պատրաստուելու համար նոր տարեշրջանին:
CATEGORIES Մարզական

