Գաղութէ -Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Իրան
Սպահանի Պետական Համալսարանի Տնօրէնին
Այցելութիւնը` Ազգային Առաջնորդարան
Օգոստոս 3-ին, Ս. Ամենափրկչեան վանք այցելեց Սպահանի պետական համալսարանի ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Թալեպի` ընկերակցութեամբ համալսարանի օտար լեզուներու բաժանմունքի, հայագիտական բաժնի եւ միջազգային յարաբերութիւններու գրասենեակի տնօրէններուն:
Հանդիպումի ընթացքին դոկտ. Թալեպի անդրադարձաւ հայ համայնքին եւ պետական համալսարանին միջեւ սերտ կապին ու համագործակցութեան, հաստատելով, որ հայագիտական ամպիոնը ստեղծուած էր հայ համայնքի նիւթական օժանդակութեամբ: Ան նաեւ խօսեցաւ համալսարանի յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին աւելցնելով, որ Երեւանի պետական համալսարանին հետ կը փոխանակեն ուսանողներ եւ դասախօսներ, եւ յոյս յայտնեց, որ այդ յարաբերութիւնները աւելի ընդլայնին:
Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան անդրադարձաւ Ազգային առաջնորդարանի եւ Սպահանի պետական համալսարանի վաղեմութիւն ունեցող գործակցութեան եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց այսուհետեւ եւս շարունակելու նոյն ձեւով, յատկապէս` Երեւանի եւ Սպահանի պետական համալսարաններուն միջեւ ստեղծուած կապը հզօրացնելու եւ զարգացնելու ուղղութեամբ, որ կը նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման ու ընդլայնման: Սրբազանը նաեւ բարձր գնահատեց ուսման ոլորտին մէջ համալսարանին գործունէութիւնը:
Բաբգէն եպս. Չարեան անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին` նշեց, որ 2015-ին այս առիթով կարեւոր դերակատարութիւն վերապահուած է Հայ դատը ծանօթացնելու ամբողջ աշխարհին եւ ասոր համար Ցեղասպանութեան հարցը գիտական մակարդակով ներկայացնելու համար կարիքը կայ համալսարաններու համագործակցութեան:
Հանդիպումի ընթացքին ելոյթ ունեցան նաեւ օտար լեզուներու եւ միջազգային յարաբերութիւններու կապի գրասենեակի տնօրէնները, որոնք շեշտեցին Սպահանի պետական համալսարանին եւ առաջնորդարանին համագործակցութեան կարեւորութիւնը:
Թաւրիզի Քաղաքապետարանի Բարձրաստիճան
Պատասխանատուներու Այցելութիւնը
Ազգային Առաջնորդարան
Երկուշաբթի, 11 օգոստոսին, Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան Ազգային առաջնորդարանի «Էմիլ Յակոբեան» դահլիճին մէջ ընդունեց Թաւրիզի քաղաքապետարանէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը` ընկերակցութեամբ փոքրամասնութիւններու գրասենեակի պատասխանատուին: Սրբազան հօր կողքին, սոյն հանդիպման ներկայ գտնուեցան Ազգային վարչութեան անդամները` լրիւ կազմով:
Թաւրիզի քաղաքապետարանէն սրբազան հօր հրաւէրով յատկապէս եկած էին 3-րդ քաղաքամասի պատասխանատու Աքպարի, ապահովական բաժինի պետ Ֆէյզի եւ քաղաքաշինութեան բաժինի պետ Ապպասի` միասնաբար քննարկելու Ազգային առաջնորդարանին կողմէ կատարուելիք շինարարական շարք մը ծրագիրներու վերջնական փուլը, անոնց լրացուցիչ պայմաններուն, հարկային հաշիւներուն, հրիտակուած կալուածի պայմաններուն հետ առնչուող խնդիրներուն եւ այլ մանրամասնութիւններու յստակացման ի խնդիր:
«Ամբողջ Ատրպատականի եւ յատկապէս Թաւրիզ քաղաքին մէջ, իր շինարար ներկայութեամբ ծանօթ է հայ ժողովուրդը: Նոյն շինարար ոգիի դրսեւորումն է այն ծրագիրը, որ այսօր ձեզի կը ներկայացուի մեր կողմէ: Այս քաղաքի բարեզարդման եւ ժողովուրդի կեանքին բարօրութեան առումով գնահատելի մեր նախաձեռնութեան յաջողութեան համար կարիքը ունինք ձեր աջակցութեան: Գործերու կանոնաւոր ու հեզասահ ընթացքին մէջ մեծ է դերը Թաւրիզի քաղաքապետութեան», ողջունելով հիւրերը` ըսաւ առաջնորդ սրբազանը, աւելցնելով, թէ նման աշխատանքներու ձգձգումը կը թուլցնէ ուժերը եւ կը տկարացնէ ընդհանրապէս կառուցողական աշխատանքը:
3-րդ քաղաքամասի պետ Աքպարի պատասխանելով սրբազան հօր ողջոյնի խօսքին` յատկապէս անդրադարձաւ Ատրպատականի հայոց թեմի աշխոյժ գործունէութեան եւ ընդհանրապէս իրանահայ համայնքի շինարար ոգիին: Ապա Ազգային վարչութեան ատենապետ Ռուբիկ Ճանանեանի եւ անդամներուն` տոքթ. Աշոտ Խզրիեանի, Անի Յակոբեանի, Վարդան Աբրահամեանի եւ Գագիկ Ճորճեանի կողմէ մանրամասնօրէն ներկայացուեցան շինարարական ծրագիրները, որոնք երկար տարիներու ուսումնասիրութեան արդիւնք էին:
Աշխատանքային սոյն հանդիպումը եզրակացնելով` կողմերը ժամկէտ ճշդեցին քաղաքապետարանին կողմէ պահանջուած օրինական բոլոր գրանցումները եւ կանոնական չափագրումները ամբողջացնելու համար, որուն աւարտին շինարարական աշխատանքները կը սկսին` Իմամիէի շրջանին մէջ թեմին սեփականութիւնը եղող հողատարածքին վրայ վաճառաշահ կեդրոնի կառուցման ծրագիրը իրականացնելու հեռանկարով:
«Հայ Կին» Միութեան Նորընտիր Վարչութեան
Այցելութիւնը` Առաջնորդ Սրբազան Հօր
Օգոստոս 11-ին Թեհրանի «Հայ կին» միութեան նորընտիր վարչութիւնը այցելեց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. ՍարգիսեանիՆ: Սրբազան հայրը ջերմօրէն ողջունեց նորընտիր վարչութիւն եւ յաջողութիւն ու ազգանուէր գործունէութիւն մաղթեց:
Նորընտիր վարչութեան նախագահ Դիանա Յովհաննիսեան ներկայացուց վարչութեան անդամները:
Առաջնորդ սրբազան հայրը մեծապէս գնահատեց «Հայ կին» միութիւնը, որ աւելի քան եօթանասուն տարիներ մեծ ներդրում ունեցած է եւ ունի թեհրանահայ հասարակական, մշակութային եւ մարդասիրական կեանքին մէջ:
Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկչեան Վանքի
Ս. Յովսէփ Արեմաթացի Եկեղեցւոյ 350-Ամեակը
2014 թուականի հոկտեմբերին հանդիսաւոր կերպով պիտի նշուի Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկչեան վանքի Ս. Յովսէփ Արեմաթացի եկեղեցւոյ 350-ամեակը` նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, ներկայութեամբ Հայաստանի ու Իրանի պետական բարձրաստիճան այրերու, համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներու եւ ազգային իշխանութիւններու, մշակութային ու հասարակական գործիչներու:
Այս առիթով Նոր Ջուղայի հայութեան հոգեւոր, մշակութային եւ քաղաքակրթութեան կերտման մեծ աւանդը համաիրանական եւ համազգային մակարդակով ներկայացնելու, ինչպէս նաեւ հոյակերտ այս կոթողին արժէքը վեր հանելու եւ անոր 350-ամեայ պատմական եւ մշակութային կարեւորութիւնը հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելու նպատակով Սպահանի Հայոց թեմի Թեմական խորհուրդին կողմէ կեանքի կոչուած է յոբելենական յանձնախումբ հետեւեալ կազմով` Անանիա վրդ. Գուճանեան, Վրէժ Շիրւանեան` նախագահ, Սոնիկ Բաղումեան` քարտուղար, Ֆրեդ Պօղոսեան` նիւթականի պատասխանատու, Ռիմա Սիմոնեան, Անդրուհի Ջաւահիրեան, Միգանուշ Տէր Մարտիրոսեան, Լորեթա Դաւթեան, Արմինէ Ղարախանեան, Ռիմա Մարկոսեան եւ Քարոլին Դիլանչեան` Թեմական խորհրդի կողմէ աշխատանքներու համակարգող:
Յոբելենական աշխատանքներուն եւ նախաձեռնութիւններուն համար մշակուած է յատուկ ծրագիր:
Յունաստան
«Փոքրիկ Երեւանցիներ»-ը
Ալեքսանտրուպոլիս Այցելեցին
Յուլիս 18-ին, Ալեքսանտրուպոլիս այցելեցին Հայաստանէն եկած «Փոքրիկ երեւանցիներ»-ու երգի եւ պարի համոյթը` ղեկավարութեամբ Գեղամ եւ Նոնա Մանուկեաններու:
Համազգայինի ատենապետ Արա Վարդանեան դիմաւորեց հիւրերը եւ քաղաքապետարանին կողմէ յատկացուած սրահին մէջ կազմակերպուեցաւ նախաճաշ. երգի եւ պարի համոյթի անդամներուն կ՛ընկերակցէին նաեւ «Տարօնեան» միօրեայ վարժարանին սաները: Այնուհետեւ անոնք այցելեցին Սուրբ Նիկոլաոս եկեղեցւոյ թանգարանը Ալեքսանտրուպոլիսի կեդրոնական հրապարակ, ուր ծանօթացան քաղաքի տեսարժան վայրերուն, ուղղուեցան նաւահանգիստ, քաղաքային լողափ, ապա Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ սրահին մէջ մատուցուեցաւ ճաշ:
Երեկոյեան Ալեքսանտրուպոլիսի եկեղեցւոյ բակին մէջ ելոյթ ունեցան «Փոքրիկ երեւանցիներ»-ը:
Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Արա Վարդանեան:
Լոնտոն
Չորրորդ Հայկական Փառատօն
Օգոստոս 3-ին, Լոնտոնի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ չորրորդ ամէնամեայ հայկական փառատօնը: Քենսինկթըն թաղամասի Իվերնա հանրապարտէզի փողոցը վերածուած էր փոքրիկ Հայաստանի, ուր հայկական ժողովրդական երգն ու շուրջպարը համախմբած էին հայեր` Միացեալ Թագաւորութեան բոլոր անկիւններէն:
Փառատօնը սկսաւ «Անդաստան» կոչուող եկեղեցական ծէսով` երկրի չորս կողմերու օրհնութեամբ:
Հայկական փառատօնին ներկայ էր հայկական աւանդական խոհանոցը: Մասնակիցները համտեսեցին խորոված, բազմազան ուտեստներ եւ թխուածքներ` պատրաստուած յայտնի եւ ընտանեկան իւրայատուկ խոհագրերով:
Փառատօնի ընթացքին մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց հայկական տօնավաճառը, որուն կը մասնակցէին բրիտանահայ կրթական ու մշակութային կազմակերպութիւններ եւ անհատներ:
Այս տարի փառատօնին հիւրն էր Հայաստանէն ժամանած ժողովրդական երգիչ Արսէն Գրիգորեան, որ ոգեւորեց բրիտանահայերը` մեկնաբանելով հայկական սիրուած երգեր:
Փառատօնի աւարտին ուղիղ կապ հաստատուեցաւ Պուքրէշի հայ համայնքին հետ, որ նոյն օրը կազմակերպած էր հայկական փառատօն: Երկու երկիրներու հայ համայնքները մեծ պաստառներու միջոցով ողջունեցին զիրար եւ միաժամանակ շուրջպար բռնեցին:
Համայնքներու պալատի ներկայացուցիչ Սթիւըն Փաունտը յայտնեց, որ փառատօնը Լոնտոնի կեանքին մէջ կ՛աւելցնէ գոյն ու բազմազանութիւն, իսկ Քենսինկթըն թաղամասի ղեկավար Մէյկրիտ Քոնտոն-Սիմմոնտսը նշեց, որ հայերը Բրիտանիոյ մէջ միշտ շատ լաւ համբաւ ունեցած են:
Միացեալ Նահանգներ
Արժանթինահայ Դերասան Գալուստ Ճանսըզեանին`
Մենակատարութիւնը Նիւ Եորքի «Թէքէեան»-ի Բեմէն
Շաբաթ, օգոստոս 1-ի երեկոյեան, «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ, մենակատարումով բեմ բարձրացաւ արժանթինահայ դերասան Գալուստ Ճանսըզեանը: Այդ երեկոյ ան հիւրն էր ԹՄՄ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբին:
Գալուստին թատերական վաստակը կու գայ Պէյրութէն, երբ ան գլխաւոր դերասաններէն էր եղած Լիբանանի Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին, որուն բեմադրիչն էր թատերական ծանօթ գործիչ ՃորՃ Սարգիսեան: Ան թատերական հիւրախաղերով այցելած է զանազան հայաշատ կեդրոններ` Միջին Արեւելք, Եւրոպա, Ամերիկաներ եւ 40 տարիներէ ի վեր Արժանթին հաստատուած է:
Հարաւային Ամերիկայի մէջ ազգային թատերական աւանդութիւնները վառ պահող գրեթէ միակ դերասանն է Գալուստ Ճանսըզեան: Մայրաքաղաքի հայկական թաղամասին մէջ ունի իր սրահը` «Թատրոն» անունով, ուր կը ներկայացուին հայկական եւ օտար թատերական հեղինակներու գործեր:
«Չգիտցայ, թէ ինչպէս» ներկայացումով լուսարձակ կը սփռէ ազգային մեր կեանքին վրայ` հայրենիքի թէ սփիւռքի տարածքին եւ շեշտը կը դնէ հայութեան մեծագոյն ցաւին` մեր լեզուին յամրօրէն նահանջող այսօրուան տխուր պատկերին վրայ:
Կը ցաւի նաեւ այն չհասկցուած յարաբերութիւններուն` հայրենաբնակ հայուն եւ սփիւռքահայուն միջեւ: Ոչ միայն լեզուական յարաբերութիւններու, այլեւ` հոգեմտաւորական արժէքներու գնահատումին ու հայրենասիրական զգացումներու չափանիշներու: Ան կ՛երգէ ցաւը Էրզրումի հայոց լեռներէն եկող մեր ֆետայիներուն: Կ՛երգէ մեր երէկի յեղափոխականներու անձնազոհողութեան ոգին: Կը սգայ հայրենիքին կորուստը: Կը ջատագովէ հայութեան քաղաքական ուժերու միութիւնը, կ՛ուզէ տեսնել եկեղեցին միացած: Մեր մշակոյթի արժէքներու տարածումը կը նկատէ անհրաժեշտութիւն: Մեր պատմութեան խորերէն եկած տխուր շղթաները կ՛ուզէ քանդել. Արտաւազդը տակաւին շղթայակապ իր ձեռքերէն կ՛ուզէ ազատել, որպէսզի այլեւս դառնանք իրաւ անկախ ու հզօր ազգ մը` հզօր ու միակ հայրենիքով:
Ցեղասպանութեան դարադարձի նախօրէին լաւապէս հրամցուած մենակատարութիւն մը, ուր կան պատգամներ մեր մեծ գրողներէն` Վարուժանէն, Թէքէեանէն, Սիամանթոյէն ու Շանթէն:
Վերջապէս, Գալուստ կու լայ իր իսկ ցաւը եւս® հոն` Ռիօ Փլաթա գետի ափին, իր մինակութեան մէջ ան կը խաղայ մեր 3000-ամեայ թատրոնը. գէթ պահիկ մը եւս շարունակելու մեր այդ գեղեցիկ աւանդութիւնը` հայ թատրոնը:
Դոկտ. Թամար Քաթարոյեան Մոնրովիոյ
«Մէյֆլաուըր» Նախակրթարանի Տնօրէնուհի
25 յունիս 2014-ին Մոնրովիոյ հանրային վարժարաններու Ուսումնական խորհուրդը դոկտ. Թամար Քաթարոյեանը նշանակեց Մոնրովիոյ «Մէյֆլաուըր» նախակրթարանի տնօրէնուհի: Oգոստոս 4-ին ան ստանձնելով իր պաշտօնը` սկսաւ աշխատանքի:
Դոկտ Քաթարոյեան ծնած է Ֆրեզնօ, անդամակցած է ՀՄԸՄ-ի եւ ՀԵԴ-ի: Քալիֆորնիոյ Ըրվայն համալսարանին մէջ մասնագիտացած է տնտեսագիտութեան եւ ընկերաբանութեան ճիւղերուն մէջ:
Ուսուցչական եւ վարչական ասպարէզներուն առընթեր, կրթական մարզէն ներս շարունակելով իր ուսումը, ան ստացած է մագիստրոսի իր աստիճանը, իսկ մայիս 2013-ին «Եու. Էս. Սի» համալսարանէն` դոկտորայի աստիճանը: