50 Տարի Առաջ (22 Օգոստոս 1964օ
Փիցպուրկի Նուագախումբին
Բացառիկ Յաջողութիւնը
Պաալպեքի Փառատօնին
Աւելի քան 2000 ունկնդիրներ եւ վարչապետ Հիւսէյն Ուէյնի հինգշաբթի երեկոյեան հաւաքուած էին Բագոսի նուիրուած Պաալպէքի հռոմէական տաճարին մէջ` լսելու համար տոքթ. Ուիլիըմ Սթէյնպըրկի ղեկավարած Փիցպուրկի սեմֆոնիք նուագախումբը: Յայտագրին մաս կը կազմէին` Վոլթըր Փիսթոն, Ռախմանինով եւ Պեթհովեն: Հռչակաւոր դաշնակահար Պայրըն Ճանիս մենակատարեց դաշնակի վրայ Ռախմանինովի դաշնակի երրորդ քոնչերթոն: Երկար եւ ուժգին կտոր մը, որ արժանացաւ ներկաներու երկար ծափահարութեանց եւ պիսերուն: Նախ քան աւարտը, Ճանիս չորս անգամ բեմ եկաւ` տեղի տալով բուռն ծափահարութեանց:
Դադարի ժամանակ, բեմին առջեւ տեղի ունեցաւ պզտիկ արարողութիւն մը, որուն ընթացքին խումբի փոխ խմբավար հայազգի Հայկ Եաղճեան Փիցպուրկ քաղաքի մէկ շքանշանը նուիրեց վարչապետ Ուէյնիի, որ ընդունեց այդ յանուն լիբանանցի ժողովուրդին:
Ապա բուռն ծափահարութիւններու տարափին տակ Սթէյնպըրկ բեմ բարձրանալով` ղեկավարեց խումբը, որ նուագեց Պերլիոզէն եւ Վակներէն: Երկու անգամ խումբը ստիպուած եղաւ կրկնելու նուագները` տեղի տալով «պրաւօ»ներու եւ «անքոր»ներու:
Պաալպեքի պատմական կամարներուն տակ Վակների եւ Պերլիոզի նուագները ունկնդիրներուն ապրեցուցին բացառիկ վայրկեաններ:
Համանուագի աւարտին հանդիսականները ծափահարեցին եւ ողջունեցին տաղանդաւոր խմբավարը:
*
* *
Երէկ ուրբաթ, կէսօրէ առաջ, ամերիկեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ներկայ էին Պէյրութի բոլոր հայկական թերթերու ներկայացուցիչները: Ամերիկեան դիւանի հայկական բաժնի վարիչ Կարպիս Գազանճեանի գրասենեակին մէջ անոնք առիթը ունեցան ծանօթանալու Հայկ Եաղճեանին եւ հռչակաւոր ջութակահար Ժիրայր Գանթարճեանին, որ հիւրաբար կ՛ընկերանայ Փիցպուրկի նուագախումբին:
Հայկ Եաղճեան, որ խաբերդցի ծնողքէ Տիթրոյթ ծնած 40 տարեկան երիտասարդ մըն է. Մ. Նահանգներու մէջ կը նկատուի հռչակաւոր Սթէյնպըրկի յաջորդը եւ յաճախ կը վարէ խումբը:
Լիբանանի երաժշտասէր հասարակութիւնը շատ ուրախ պիտի ըլլար, եթէ իրեն առիթ տրուէր նաեւ տեսնելու հայազգի տաղանդաւոր խմբավարը բեմի վրայ, Պաալպեքի փառատօնի շաբաթ կամ կիրակիի նուագահանդէսներուն:
Թող Հնչէ Հայ Երգը
Պիտի չփորձուէի գրել այս նիւթին մասին, եթէ ամէն օր աչքիս առջեւ չցցուէր թրքերէն երգապնակներու դժոխքի մեքենան, Մրուժի հրապարակին վրայ, ճաշարանի մը մէջ, եթէ թրքերէն երգերը բարձրաձայն չլսուէին ամէն ժամ, եթէ մանաւանդ, ո՜վ զարմանք, չտեսնէի այդ մեքենային աջ ու ձախ կողմը դրուած թուրք երգիչներու գունաւոր նկարները:
Տարօրինակօրէն ընդվզեցուցիչ երեւոյթ մը, որուն մասին հայ մամուլը բազմաթիւ անգամներ արտայայտուեցաւ, եւ կարծես հակառակ արդիւնքը տուած է: Այդ մարդիկը յաճախորդներու ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար յղացած են այդ գարշելի միջոցը, որուն համար ոչ մէկ արդարացում կարելի է գտնել:
Արդէն, ամէն օր կը հանդիպիմ մարդոց, ծեր, կին, երիտասարդ, պատանի, որոնք առանց խպնելու բարձրաձայն կը բարբառին մեր թշնամիին լեզուն: Շունչս կը բռնուի եւ արագ քայլերով կը հեռանամ դառնացած սրտով:
Գրեթէ հայերով բնակուած այս գիւղերուն մէջ երբեմն ալ կը հանդիպիմ հայախօս հայրենակիցներու, բնազդաբար քայլերս կը դանդաղին, ու ականջներս կարօտով կ՛ըմբոշխնեն մեսրոպեան քաղցրահնչիւն բառերը: Եւ կամ հայերէն երգի մը արձագանգները զիս կը գամեն կեցած տեղս` ունկնդրելու համար մեր զմայլելի ժողովրդական երգերը:
Ինչո՞ւ միշտ պիտի չհնչեն հայկական երգերը, երբ անոնք ամէն առաւելութիւն ունին իրենց երաժշտական ներդաշնակութեամբ եւ քաղցրութեամբ, թրքերէն կոշտ ու կոպիտ երգերէն:
Քաղաքական տագնապալի այս օրերուն, երբ ամբողջ աշխարհ թրքական վայրագութիւններուն մասին ցասումով կը խօսի, եւ մանաւանդ որ մենք` հայերս յառաջիկայ տարի Մեծ եղեռնի յիսնամեակի առթիւ ոգի ի բռին պիտի աշխատինք, որ մեր արդար Դատը համայն աշխարհի առջեւ ներկայացնենք, ներելի՞ է այս ընթացքը:
Մեր թշնամիին երգն ու բարբառը իւրացնելո՞վ օգտակար պիտի ըլլանք մեր կատարած քարոզչութեան:
Ձեր ընթացքը անհանդուրժելի է. վճռականօրէն պէտք է վերջ տալ այս խայտառակութեան: Պէտք է փշրել բոլոր թրքերէն ձայնապնակները եւ զամբիւղը նետել: Հապա սա նկարները ուրկէ՞ բերիք, ատ էր պակաս. քիչ էր մնացեր, որ Աթաթիւրքին նկարը կախէք դէմերնիդ ու ճնկէք անոր կենացը… Մե՞ղք գործած կ՛ըլլաք, եթէ անոնց տեղ զետեղէք մեր աննման երգիչներուն նկարները: Կը վնասէ՞ք, յաճախորդնե՞րը կը փախչին, ո՛չ. կը սխալիք, ընդհակառա՛կը, կը շահիք: Հնչեցուցէ՛ք երգը` ամէ՛ն օր, ամէ՛ն ժամ, բարձրաձա՛յն, թող արձագանգէ տունէ տուն, փողոցէ փողոց, ան կը հպարտացնէ մեզ, կը զօրացնէ մեզ, մեր սրտերը կ՛ուռեցնէ, կը հայացնէ մեզ… եւ կու գան, բոլորն ալ կու գան քով քովի, հայը հայուն քով, հայը հայով զօրացած:
Թող հնչէ հա՛յ երգը:
Օ.Պ.

