Արմենակ Ինքնամտրակումի Հիւանդ Դարձած Է
Կեդրոնականցի Արմենակ եւ Էլպիս կրկին Հայաստան եկեր են: Ինչո՞ւ կու գայ` գիտնալով, որ ամէն օր պիտի տրտնջայ: Արմենակին պէս հիւանդը կը կոչեն մազոխական, ֆրանսերէն կ’ըսեն` մազոշիստ: Ինչո՞ւ չգոհանալ ինքնամտրակումով:
Հազարաւոր հայեր Հայաստան կու գան, կ’երթան, տուրիստներ, տեսարաններով եւ ճաշարաններով գինովցողներ, որոնք ալ ունակ չեն հարազատ հայերէն լսելով գինովնալ` օտարման պարտադրած ստորակայութեան զգացումի պատճառով:
Ընդհանուր կանոնէն շեղողն է անբնական, այսինքն` Կեդրոնականցին:
Փոխանակ գալու եւ ըսելու, թէ որքա՜ն կը սիրէ հայրենիքին օդը եւ ջուրը, կազմած է իր լսած հայերէնը ակրեսիայի ենթարկած բառերու ցանկ մը, լսուած` երկրի աւագանիի, փողկապաւորներու եւ մոդեռնիզացած փափկասուններու բերնէն:
Եկաւ եւ պատմեց:
Ահաւասիկ, այդ բառերը, որոնց համար կ’ըսեն, թէ բնական են, քանի որ լեզուները կը յառաջդիմեն. ակրեսիա, պլանտացիա, իմպլանտացիա, բրոսեդիւրա, էպիլացիա, էկզոտիկ, սիմպատիա, ակրարային, ֆորմաթ, օպյեկտ, նոնսենս, կենետիկական, մոստ, մոնումենտ, մաղատանոս, գալիս ա՜… սիրում ա՜…
Արմենակ կ’ըսէ, թէ գալիս Ա՜-ն, ըստ յառաջդիմիկան ինտելիգենտների, արդէն իւրացուած է, մաս կը կազմէ հայերէնին, այդ Ա՜-ն նորահնար էական բայն է, փողոցէն մուծուած` ոսկեղնիկին մէջ:
Եւ տխրօրէն կ’եզրակացնէ` հարց տալով, թէ ե՞րբ մեր եկեղեցիներու խորաններուն վրայ գրուած Է-ն պիտի փոխարինեն Ա՜-ով: Ինչո՞ւ եկեղեցին ետ պիտի մնայ… Այդ փոփոխութիւնը գործ ալ կը հայթայթէ… Հինցած Է-ն կը ջնջուի եւ նոր Ա՜– կը գրուի, Երեւան, Էջմիածին, Շուշի, առանց մոռնալու Նիցցան եւ Երուսաղէմը: Ազգի միասնականութիւն պէտք է ստեղծել…
Արդէն Հայաստանէն առաքուած տէրտէր-վարդապետները բոլշեւիկեան սխալագրութիւնը կը սրսկեն զանգուածներուն, որոնք հայերէնէ հեռացած են կամ կը հեռանան…
Հայերէնը առաջ գնում Ա՜… Դէպի ո՞ր պլանտիացաները եւ իմպլանտիացաները…
Հիմա չեն ալ կրնար արգիլել, ինչպէս գերերջանիկ օրերու տխրադէմ նախագահը ըրած էր, որ Արմենակներ Հայաստան երթան-գան, քանի որ ֆրանսացիները, նաեւ Արմենակի պէս ֆրանսացիները, նախապէս մուտքի արտօնագիր ստանալու կարիք չունին:
Ափսո՜ս… Եթէ արգիլեն, Արմենակ ինտելիգենտները չի խանգարեր եւ ինքզինք ալ չի հիւանդացներ:
Մտածել, որ արգելքներու վերացումը անպայման չէ, որ լաւ բան ա՜…
ՄԱԿԱՐ, ք.
Երեւան, Մասիսի դիմաց,
18 Օգոստոս 2014