ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՊՊՈՒՏԸ

Նախագահ Սլէյման եւ Ապպուտ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան գործադրելիք ապագայ ծրագիրները:

Քննարկուեցաւ նաեւ Ապպուտի պատկանող կերպընկալի գործարանին մէջ բռնկած հրդեհին հարցը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նախկին նախարար Ասաատ Ռըզք, որ նախագահին հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Էտմոն Ֆատել, որ նախագահին հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին կարիքները:

 

Share this Article
CATEGORIES