Լուէյզի Զուք Մոսպեհ Պատուեց Իր Տղոց Պասքեթպոլի Խումբը

0821_ouaizeՅատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Մանարեթ Խալիժ» ճաշարանին մէջ (Մաալմըլթէյն), Լուէյզի Զուք Մոսպեհ ակումբը պատուեց իր տղոց պասքեթպոլի խումբը, որ վերջերս հանդիսացաւ Գ. դասակարգի ախոյեան եւ բնականաբար բարձրացաւ Բ. դասակարգ:

Այս հանդիսութեան ներկայ էին ակումբի ընդհանուր քարտուղար Ժիհատ Լուիս, գանձապահ Կարապետ Տօներեան, այլ անդամներ, պատասխանատուներ եւ մարզիկներ:

Իր խօսքին մէջ Ժիհատ Լուիս մաղթեց, որ խումբը իր նոյն յաջողութիւնը շարունակէ Բ. դասակարգին մէջ ալ եւ իր տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ բարձրանայ Ա. դասակարգ:

Share this Article
CATEGORIES