Հայաստան ՄԱԿ-ի Մէջ Արծարծեց Եզիտիներու Հարցը Եւ Ազրպէյճանական Յարձակումը

Զոհրապ Մնացականեան

Զոհրապ Մնացականեան

21 օգոստոսին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ տեղի ունեցաւ «տագնապներու կանխարգիլում. միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանում» նիւթով բաց քննարկում, որուն մասնակցեցան ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն, Մարդկային իրաւանց գերագոյն յանձնակատար Նաւի Փիլայ, ինչպէս նաեւ շուրջ վեց տասնեակ անդամ պետութիւններու ներկայացուցիչներ:

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան, նիստին խօսք առած է ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ դեսպան Զոհրապ Մնացականեան, որ գոհունակութիւն յայտնած է բաց քննարկման նախաձեռնութեան համար` կարեւոր նկատելով տագնապներու կանխարգիլման հարցին մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին եւ Մարդկային իրաւանց գերագոյն յանձնակատարին դերակատարութիւնը:

Հայաստանի դեսպանը ընդգծած է, որ Հայաստան յատուկ կերպով կարեւոր կը նկատէ քաղաքացիական հասարակութեան, մասնաւորապէս հասարակական կազմակերպութիւններու դերակատարութիւնը վէճերու կանխարգիլման հոլովոյթին մէջ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ստեղծման համար: Սակայն, նշուած ջանքերը կրնան ապարդիւն ըլլալ այն պարագաներուն, երբ պետութեան ղեկավարութիւնը չի կրնար ապահովել երկրին մէջ մարդկային հիմնարար իրաւունքները եւ ազատութիւնները:

«Հայաստան խորապէս հետաքրքրուած է կանխարգիլման արդիւնաւէտ մեքանիզմի հաստատման խնդիրով` ըլլայ ատիկա միջազգային կամ շրջանային մակարդակներով: Կանխարգիլումը անհրաժեշտ է ոչ միայն հաւանական տագնապներու ծագման, այլեւ իրենց վերջնական լուծումը չստացած տագնապներու պարագաներուն: Խօսքը կը վերաբերի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին, որուն  բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքի իրագործման դէմ Ազրպէյճան սանձազերծեց լայնածիր պատերազմ, ոտնակոխելով ՄԱԿ-ի կանոնագրութիւնը:

Վերջին շաբաթներուն ընթացքին աշխարհը ականատես եղաւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանագիծին եւ հայաստանեան-ազրպէյճանական սահմանի ամբողջ երկայնքին զինադադարի բազմակի խախտումներու եւ ազրպէյճանական զինեալ ուժերու կողմէ սադրիչ հետախուզական գործողութիւններու կտրուկ աճին, որ պատճառ դարձաւ մարդկային զոհերու, որոնց շարքին` խաղաղ բնակչութեան անդամներ», նշած է ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչը:

Զոհրապ Մնացականեան ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է վերջին շաբաթներուն ընթացքին Իրաքի հիւսիսը ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն կողմէ Իրաքի փոքրամասնութիւններէն մէկուն` եզիտիներու զանգուածային սպանութիւններուն խնդիրին վրայ: Ան նշած է, որ հարիւր հազարաւոր մարդիկ, որոնց շարքին եզիտիներ, ասորիներ եւ հայեր ծայրայեղականներու գործողութիւններուն պատճառով ստիպուած եղած են լքել իրենց բնակավայրերը` տեղեկացնելով, որ Հայաստան որոշում տուած է ՄԱԿ-ի միջոցով օգնութիւն առաքելու եզիտի համայնքին:

«Մենք ականատես կ՛ըլլանք սոսկալի իրավիճակի մը, որ պէտք է լուծուի զանգուածային ոճրագործութիւններու կանխարգիլման ուղղուած միացեալ ջանքերով: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է գործէ անյապաղ, եւ ատիկա պէտք է իրականացուի ՄԱԿ-ի կառոյցներու անմիջական ներգրաւումով: Այս ծիրին մէջ ընդհանուր քարտուղարին ցեղասպանութեան հարցով յատուկ խորհրդականի դերը անգնահատելի է: Հայաստան կոչ կ՛ընէ Ապահովութեան խորհուրդին անյապաղ արձագանգելու եզիտի ազգաբնակչութեան ողբերգական իրավիճակին», եզրափակած է Հայաստանի դեսպանը:

Share this Article
CATEGORIES