Վստահութիւն Եւ Համախոհութիւն

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Իրադարձութիւններու լրատուութեան ընթացքին, արագ, հեռագրական ոճով կ’արտայայտուին պարզ միտքեր, կարճ, կտրուկ, որոնք ժողովներ կամ հատորներ կ’արժեն: Կը բաւէ լսել, ուշադիր ըլլալ:

Այդ եղաւ լուսաւորումը այս առաւօտ, երբ միջազգային լրատուական հեռատեսիլի կայան մը սփռեց եգիպտացի երիտասարդ քաղաքագէտի մը խօսքերը, քանի մը վայրկեան միայն: Ան խօսեցաւ երկրի դժուարութիւններուն եւ տագնապին մասին` ամենայն պարզութեամբ նշելով, որ իշխանութիւնները չեն յաջողած եւ չեն յաջողիր երկրին մէջ հաստատել վստահութիւն եւ համախոհութիւն:

Երկու դրական իմաստ ունեցող բառեր:

Համախոհութիւնը (consensus) պէտք չէ շփոթել սակարկութիւններու հետեւող փոխզիջումի (compromis) հետ, որ ժամանակաւորապէս ծխածածկոյթի տակ կը պահէ խնդիրները` փոխմեղսակցութիւն դառնալով (compromission):

Բազմաթիւ երկիրներու եւ կազմակերպութիւններու համար տեւաբար հնչող կախարդական երկու բառեր են ասոնք` վստահութիւն եւ համախոհութիւն, որոնք բարօրութիւն եւ խաղաղութիւն կրնան բերել, եթէ գիտնանք զանոնք մաքրել զիրենք փճացնող եւ բան չնշանակող ամբոխավարութենէ, հռետորութենէ եւ ծանծաղ բարոյախօսութենէ, որոնք կ’ուղղուին միւսին, բայց ոչ երբեք` բարոյախօսին, որուն դերն է քնաբեր շիճուկ տալ (կրկնուած-կրկնուող խոստումներ, գեղեցիկ եւ տպաւորիչ խօսքեր, հայրենասիրական եւ քաղաքացիական գիտակցութեան ճառեր) կեանքի դժուարութիւններու բեռան տակ կքած զանգուածներուն, որպէսզի անոնք շարունակեն երազել:

Եգիպտացի քաղաքագէտը կը խօսէր իր երկրին մասին, որ յաւելեալ արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան յոյսերով ոտքի ելած էր եւ յեղափոխութիւն կատարած` ազատութիւններու եւ կեանքի որակի բարելաւման համար: Բայց այդ թեւաւոր օրերուն ըսուածները, ներազգային վստահութիւնը եւ համախոհութիւնը ցարդ կը նմանին բացակայ բաժանորդի, որուն դուռը կը թակեն: Այդ պայմաններուն մէջ անբնական պիտի չըլլան նոր բռնկումներ` նոր աւերներով, խորացնելով տարբերութիւնները, որոնք օր մը կրնան յանգիլ հակամարտութիւններու, որոնց պայթումէն ետք անիմաստ կ’ըլլայ հարցնել, թէ ո՞վ է պատասխանատուն, կամ` ինչպէ՞ս հասանք հոն: Այս` ոչ միայն եգիպտացի քաղաքագէտի հայրենիքին մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ սփիւռք(ներ), բոլոր մակարդակներու վրայ, ինչ որ ալ ըլլան պատճառները եւ պատճառաբանութիւնները, կարծէք` հաւաքաբար կը գտնուինք վստահութեան եւ համախոհութեան ցանկութեան եւ բացակայութեան հարցերուն դիմաց: Եթէ սփիւռք(ներ)ի մէջ անոնց բացակայութիւնը յաճախ կարելի կ’ըլլայ դասել «ասէ-կոսէ»-ներուն գլխուն տակ` ինքնարդարացում փնտռելով տուեալ երկրի իւրայատուկ կացութեան բացատրութեամբ, Հայաստանի մէջ վերանկախացումէն քառորդ դար ետք վստահութիւն եւ համախոհութիւն չեն հաստատուած: Այս զոյգը չ’ենթադրեր անհետացումը այլակարծութեան, որ ժողովրդավարական բնական ընթացք է: Այդ զոյգը քաղաքացիական իրաւունքներով, ազատութիւններով եւ ժողովրդավարութեամբ կը յատկանշուի, այլապէս կ’իյնանք աստուածային շնորհով մենատիրութիւններու կամ բռնատիրութիւններու մէջ (բանակի կամ միակուսակցական, այսինքն` Լուդովիկոս ԺԴ. կամ Իտի Ամին Տատա, ապրող օրինակներ չեն պակսիր, նոյնիսկ` մեր աչքին առջեւ, եթէ մեր հաւկուրութենէն բուժուինք):

Վստահութիւնը կը վերականգնի, երբ պատասխանատուութիւն ստանձնածներ հանրային կարծիքին կը ներկայանան թափանցիկութեան եւ իրաւ օրինակելիութեան արժէքներով: Այդ թափանցիկութեան եւ օրինակելիութեան անմիջականօրէն տեսանելի մասը նիւթական է: Իսկական ժողովրդավար եւ օրէնքով առաջնորդուող երկիրներու մէջ պետական պաշտօններու թեկնածուներ կը յայտարարեն իրենց ունեցուածքը եւ եկամուտները, այդ կը յայտարարեն նաեւ, երբ կ’աւարտեն իրենց իշխանութեան շրջանը: Անկախ այս բարոյական կեցուածքէն այդ երկիրներուն մէջ եկամտահարկի սպասարկութիւնները խստաբիբ կը հսկեն եկամուտներու օրինաւորութեան, չեն վարանիր նոյնիսկ նախագահ, նախարար, դատաւոր, կուսակցապետ դատարան տանելու: Այս վերաբերումը պետական բարոյականութիւն է եւ անվստահութիւնը դարմանելու ուղիղ ճանապարհ: Գիտակից զանգուածը այս պահանջով եւ անոր գործադրութեամբ տէր պիտի ըլլայ երկրին, ազգին, հաւաքականութեան:

Կրաւորականութիւնը քաղաքացիին, ազգի կամ հաւաքականութեան անդամին համար անձնատուութեան համազօր է, վատութիւն:

Երբ կը հոլովուի, որ անվստահութիւն կայ, առանց կողմնակալութիւններու եւ նախասիրութիւններու հարկ է արտահանել այդ անվստահութեան ծնունդ տուած-տուող ազդակները եւ հաւաքական կամքով ձգտիլ անոնց անհետացման:

Հրապարակագրին եւ իր անուան արժանի մամուլին պարտականութիւնն է, առանց վերապահութիւններու եւ ազնիւ գիտակցութեամբ, լուսաբանել` ի հարկին սեփական նախասիրութիւններու դէմ երթալով:

Համախոհութիւնը տիքթաթներով կարելի չէ ստեղծել, նոյնիսկ երբ անոնք կը կռթնին կէսէն մէկ աւելիին: Անիկա գիտակցուած, բարոյական եւ արժէքներու համակարգ է: Անոր կենսագործման համար հարկ է առաջնորդուիլ երկխօսութեան եւ լսել-լսուելու առաքինութիւններով (առաքինութիւն, որ հոգեկան ուժ է, virtus): Ինչո՞ւ երբեմն չխորհիլ, որ ճշմարտութեան մենաշնորհը ոչ ոքի կը պատկանի (հաւատացեալը կ’ըսէ, որ ան կը պատկանի Բարձրեալին): Համախոհութիւնը իրապէս կը կենսագործուի, երբ զայն ցանկացողներ կ’առաջնորդուին յաճախ մոռցուած-մոռցուող իմաստութեամբ մը (եթէ իմաստութիւնը անտեղի պերճանք չէ), որ պաշտօնները յաւելեալ իրաւունք չեն, այլ` յաւելեալ պարտաւորութիւն, կամ, ինչպէս ֆրանսացի իմաստասէրը կ’ըսէ, «ուրիշի իրաւունքը իմ պարտաւորութիւնս է»: Եթէ այս պարզ գաղափարներով մենք մեզ դատենք եւ ապա դատենք միւսները` ընկերութիւն, պետութիւն, միութիւններ, կազմակերպութիւններ, կը մտնեն մարդուն ծառայելու կոչուած յառաջդիմութեան ճանապարհը, որ կը բնորոշուի համախոհութեամբ:

Կէսէն աւելին երբեք միւս կէսին անտեսումը պէտք չէ ըլլայ:

Այլ խօսքով, կայ բարոյական ըմբռնում մը, որ ընթացիկ կարգ-կանոնին գիտէ հակադրել իրաւ օրէնքը, որուն օրինակը տրուած է հին գրականութեան մէջ: Շատեր ծանօթ ըլլալու են Անթիկոնի եւ Քրէոնի պատմութեան: Աւելի պարզ. ճիգով մը կարելի է կատարել ընթերցումը ֆրանսացի մտաւորական Ժան Անույի թատերախաղին., որուն անունն է «Անթիկոն»… Կը պատմուի այն, որ մարդկային-աստուածային օրէնքը գերիվեր է շահախնդրուածներու պետական օրէնքներէն:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերանկախացումէն ի վեր զինք կրծող խուլ եւ իր անունը չըսող քաղաքացիական պատերազմի մէջ է: Յոյսեր, ընտրութեան արդիւնքներու մերժում, հրաժարականի պահանջ, եւ երբեմն նոյնիսկ ոճիրներ` փոքր թուացող կամ առասպելականութեամբ մեծ:

Վստահութիւն եւ համախոհութիւն ստեղծելու համար մի՞թէ կարելի չէ դռները բանալ, որ չըլլայ ջոջական եւ կողմնապաշտական, այլ նաեւ` բանալ դէպի սփիւռք, ամբագորգոռ խորհրդաժողովներու որակէն տարբեր:

Առաջնորդուելով` «ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է»-ի* իրաւութեամբ մարդկային իմաստութեամբ: Եթէ այսպէս կարենանք մտածել եւ ըստ այնմ ապրիլ, չարաշահութիւնները եթէ չանհետանան անգամ, կը նուազին: Որպէս արդիւնք` թերեւս կը կասի չարաղէտ արտագաղթի թափը:

Եգիպտացի քաղաքագէտը ըսաւ, որ իր երկրին մէջ ցարդ կարելի չեղաւ ստեղծել վստահութիւն եւ համախոհութիւն:

Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի մէջ ո՞վ, որո՞նք, ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ ծնունդ պիտի տան երկրի եւ ազգի ներկան եւ ապագան երաշխաւորելու կոչուած վստահութեան եւ համախոհութեան: Առանց անոնց` ինչպէ՞ս պիտի տոկանք, տեւենք եւ վերականգնինք:

Հարցումը կայ: Ե՞րբ պիտի գայ պատասխանը:

Պիտի գայ մեծերէն եւ կացութեան գիտակցող եւ անով տագնապող փոքրերէն, որոնք հաւաքականութեան խիղճը եւ ուժն են:

Ոչ ոք կրնայ արդարանալ` ըսելով, որ «չէր գիտեր» կամ «ոչինչ կրնար ընել»:

4 Յուլիս 2014,
Պուրճ Համուտ, Լիբանան

* “Le droit d’autrui est mon devoir”, René le Senne

Share this Article
CATEGORIES