Տեմիրթաշի Վարկանիշը Մեծ Համեմատութեամբ Բարձրացաւ. Քաղաքական Մեկնաբաններու Կարծիքով, Քիւրտերու Քաղաքական Պայքարը Ռազմավարութիւն Կը Փոխէ
Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւնները որեւէ անակնկալ չբերին երկրի քաղաքական կեանքին, եւ ինչպէս համոզուած էր երկրի բնակչութեան մեծամասնութիւնը, վարչապետ Էրտողանն է, որ նախագահ ընտրուեցաւ քուէներու առաւելութեամբ: Բայց քաղաքական վերլուծաբաններու եւ մեկնաբաններու համաձայն, քիւրտ քաղաքական գործիչ, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Սելահէտտին Տեմիրթաշ ընտրութեան միւս յաղթողն էր: Իսկապէս երկու լրագրողներ` Նեճաթի Էօզքան եւ Շահին Ալփայ, սիւնակներ յատկացուցած են Տեմիրթաշին ու հետեւեալը կը գրեն 10 օգոստոսի ընտրութիւններուն լոյսին տակ:
Նեճաթի Էօզքան Հետեւեալ Տողերով
Կը Մեկնաբանէ Տեմիրթաշի Յաղթանակը
Տեմիրթաշի քաղաքական ընտրապայքարի ոգին, լեզուն, պատգամները, կոչերը ցոյց տուին, որ քիւրտերու քաղաքական պայքարը կը փոխէ իր քառասնամեայ ռազմավարութիւնը եւ կը թեւակոխէ նոր փուլ: Քաղաքական ու ժողովրդավարական պայքարի մասնակիցներ ծանօթ են ու շատ լաւ գիտեն, որ եթէ ցեղային պատկանելիութեան հարցը քաղաքական կուսակցութեան մը միակ նպատակակէտն է, այն ատեն այդպիսի կուսակցութիւն մը ապագայ չունի: Այդպիսի դիմագծութիւն մը ոչի՛նչ կը շահեցնէ կուսակցութեան: Նոյնն էր նաեւ քրտական կուսակցութիւններու պարագան: Այս երկրին մէջ քրտական հարցը մօտաւորապէս քառասուն տարուան անցեալ մը ունի, եւ անցնող 30 տարիներու ընթացքին բացուած-գոցուած, կամ անուն փոխած կուսակցութիւնները միայն քիւրտերու ցեղային պատկանելիութեան հարցին վրայ է, որ ծանրացան ու այդ թեման է, որ իրենց գաղափարախօսութեան առանցք դարձուցին:
Բայց ամէն ինչ փոխուեցաւ 2013-ի վերջաւորութեան եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութիւնը, որ ծնունդ առաւ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան երդիքին տակ, տակնուվրայ ըրաւ քաղաքական հաշիւները: Երեսուն տարիէ ի վեր քրտական կուսակցութիւններ քաղաքապետական ընտրութիւններու ընթացքին առաւելագոյնը հազիւ 6 տոկոս քուէ հաւաքած էին, բայց Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հիմնումով յայտնի դարձաւ, որ քրտական քաղաքական պայքարը կը փոխէ իր ռազմավարութիւնը: Տեմիրթաշի որպէս թեկնածու առաջադրումը տեղին ու ճիշդ որոշում մըն էր, իսկ անոր քարոզարշաւը, միւս երկու թեկնածուներու բաղդատմամբ, միշտ մնաց քաղաքական բարեկրթութեան ու յարգանքի պատնէշի վրայ: Տեմիրթաշ 1-1.5 ամսուան ընթացքին կրցաւ «ցեղային պատկանելիութեան շապիկ»-ը հանել եւ զանգուածներն ալ «գրաւելու» ճամբուն վրայ մեծ յաջողութիւն մը արձանագրել:
Երեք թեկնածուներուն միջեւ ամէնէն երիտասարդ քաղաքագէտը Տեմիրթաշն էր (ընդամէնը` 41 տարեկան): Ուղղակի սփռումով հաղորդումներու եւ հանրահաւաքներու ընթացքին ա՛ն է, որ ամէնէն զուարճախօս լեզուն կը գործածէր: Տեմիրթաշ միակ թեկնածուն էր, որ կրցաւ ի՛ր նման երեւիլ:
Հակառակ որ զանգուածային լրատուամիջոցները եւ հեռատեսիլային կայաններ վարչապետ Էրտողանին յատկացուած լրատուութեան կամ տեղեկատուութեան ժամանակամիջոցի կամ տողերու քանակութեան քսանէն մէկն իսկ չէին յատկացուցած Տեմիրթաշին, հակառակ որ վարչապետի ընտրապայքարին համար նախատեսուած նիւթական միջոցներուն յիսունէն մէկն իսկ չունէր Տեմիրթաշ, այս երիտասարդ քաղաքագէտը կրցաւ մէկ ամսուան մէջ Ժողովուրդներու ժողովրդական կուսակցութեան քուէները կիսով չափ աւելցնելու եւ այլեւս ի ցոյց դնելու, որ քրտական պայքարը նոր հանգրուանի մէջ կը գտնուի:
*
* *
Իսկ Շահին Ալփայ «Եթէ Տեմիրթաշ ըլլար Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան»` Ճէ Հէ Փէ»-ի առաջնորդը» խորագրին ներքեւ, այդ ազգայնական կուսակցութեան քաղաքական ուղեգիծը քննադատելէ ետք, այսպէս կ՛արտայայտուի Տեմիրթաշի մասին:
Ընտրութիւններուն յաջորդ օրը մանկութեան ընկերներէս մէկը հեռաձայնեց, ու իր զայրոյթը արտայայտելով ընտրութեան արդիւնքին մասին` ըսաւ. «Ա՜խ, եթէ Տեմիրթաշ գլխաւորէր «Ճէ Հէ Փէ»-ն, Թուրքիոյ մէջ ամէն ինչ տարբեր պիտի ըլլար»:
Ընկերս միայն ա՛յս է, որ ըսել կ՛ուզէր. Տեմիրթաշի նման երիտասարդ, աշխուժ եւ, ամէնէն կարեւորը, ժողովրդավար, ձախակողմեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան թեկնածու ըլլար «Ճէ Հէ Փէ»-ի գլխուն: Ես ալ լիովին համակարծիք էի իրեն հետ: «Ճէ Հէ Փէ» երբեք չկրցաւ ձերբազատիլ աթաթիւրքեան շղթաներէն ու միշտ մնաց «բռնապետական աշխարհիկ կարգավիճակ»-ի ու «անձնագրային քաղաքականութեան» գերի:
Ինչ կը վերաբերի Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան, Տեմիրթաշ նախագահական ընտրապայքարը կառուցեց միայն ու միայն ժողովրդավարութեան, ձախակողմեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան գաղափարներու վրայ: Յաջողեցաւ ձերբազատիլ քրտական նեղ ազգայնապաշտութենէն, չմնաց ՔԱԿ-ի զէնքերու շուքին տակ, ցոյց տուաւ, որ իր գլխաւորած կուսակցութիւնը կրնայ դեր խաղալ քաղաքական կեանքին մէջ: