Ներկայութեամբ Մեծ Թիւով Մարզական Լրագրողներու` «Ա.ԹԷ.ՍԷ.ԷԼ.» Պաշտօնապէս Յայտարարեց Լիբանանի 37-րդ Միջազգային Ռելիին Կայացման Մասին

0825_atcl1Յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով` «Ա.Թէ.Սէ.Էլ.» Քասլիքի մէջ իր գտնուող կեդրոնատեղիէն յայտարարեց, որ 28-31 օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 37-րդ միջազգային ռելին, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 31 ինքնաշարժներ:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին խօսուեցաւ կարգ մը փոփոխութիւններու մասին` նկատի ունենալով, որ որոշ շրջաններու մէջ տիրող քիչ մը անապահով կացութեան պատճառով կարգ մը հանգրուաններ փոփոխութիւն կրեցին:

Ինչ կը վերաբերի քաթարցի Նասեր Սալեհ Աթիէի չմասնակցելուն, «Ա.Թէ.Սէ.Էլ.»-ի գլխաւոր պատասխանատուներէն Իմատ Լահհուտ ըսաւ, որ այդ մէկը ապահովական պատճառներով չէ, այլ որովհետեւ Աթիէ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Լեհաստանի մէջ տեղի ունենալիք ռելիին, որ կը զուգադիպի Լիբանանի ռելիին կայացման օրուան:

Նշենք, որ Լիբանանի այս ռելիին ընդհանուր երկարութիւնը պիտի ըլլայ 796,21 քմ:

Այս ռելիին բացումին ազդանշանը պիտի տրուի հինգշաբթի, 28 օգոստոսին երեկոյեան ժամը 20:30-ին, «Ուոթըր ֆրոնթ»-ի շրջանէն (կեդրոնական Պէյրութ): Բացումը կազմակերպուած է «Թոթալ» ընկերութեան կողմէ եւ պիտի ըլլայ պարզապէս ցուցադրական մրցում մը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES