Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Լիբանանեան Բանակը Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին լիբանանեան բանակը արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը` ապահովելով առաւելագոյն 12 կէտը եւ ամրապնդելով պարագլուխի իր դիրքը:

Լիբանանեան բանակը իր կատարած այս մրցումին 9 – 5 արդիւնքով յաղթեց «Էյ.Եու.Էս.Թի.»-ին:

Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Ֆայհա Թրիփոլին` 8 – 3 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ռապիհը:

Ստորեւ` դասաւորումը

  Մրց. Կէտ
1.- Լիբանանեան բանակ 4 12
2.- Մայատին 3 9
3.- Պէյրութի դրամատուն 3 9
………………………………………………..    
10.- Ղըպէյրի 4 0
11.- Ռապիհ 4 0
Share this Article
CATEGORIES