Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

 ՀՅԴ «Սերժ Գալուստեան» Բանակավայրի Բացում
Հայաստանի Կոտայքի Մարզի Քանաքեռաւանին Մէջ

serg-Kalousdian-panagavayr-019Երկուշաբթի, 18 օգոստոս 2014-ին Հայաստանի Կոտայքի մարզի Քանաքեռաւանի շրջանին մէջ բացումը կատարուեցաւ ՀՅԴ «Սերժ Գալուստեան» բանակավայրին: Առաջին անգամ ըլլալով ՀՅԴ Հայաստանի պատանեկան միութիւնը 140 պատանիներով եւ 30 պատասխանատուներով սկսան իրենց բանակումին: Դրօշակի արարողութիւնը կատարուեցաւ «Մեր հայրենիք» եւ «Մշակ բանուոր» քայլերգներու երգեցողութեամբ: Եռագոյնը եւ Դաշնակցութեան դրօշը ծածանեցաւ բանակավայրի կայմին վրայ:

Բացման հանդիսութեան ներկայ էին` Հայաստանի Գերագոյն մարմինին ներկայացուցիչը, ՀՅԴ Հայաստանի պատանեկան միութեան ատենապետն ու վարչական անդամները, Սերժ Գալուստեանին ընտանիքը, հայրենիքէն եւ սփիւռքէն ժամանած հիւրեր եւ ընկերներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի պատանեկան միութեան Վարիչ մարմինի ատենապետ Սիմոն Գաֆալեան: Ան նշեց, թէ իրենց որոշումով Հայաստանի պատանեկան միութիւնը իր այս տարուան բանակումը կը նուիրէ Սերժ Գալուստեանի յիշատակին եւ առաջին անգամ ըլլալով կատարեց բանակավայրի բացումը:

Ապա խօսքը փոխանցեց Սերժ Գալուստեանի կնոջ` Արին Գալուստեանին: Ան իր խօսքին մէջ նշեց բանակավայրի գաղափարի յղացման տուն տուող պատճառները եւ ըսաւ, թէ Սերժի ապաքինման ծախսերուն համար գոյացած գումարով իրենց ընտանիքը որոշած է այդ հողատարածքը գնել եւ տրամադրել ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութեան Վարիչ մարմինին, որպէսզի գործածուի ՀՅԴ֊ի եւ անոր ուղեկից միութիւններու պատանեկան եւ երիտասարդական միութիւններու կողմէ` իբրեւ բանակավայր, եւ պատանիները հայրենի հողին վրայ դաստիարակուին հայրենաշունչ ոգիով, ինչ որ Սերժի եւ իր գաղափարակից ընկերներուն փափաքը եղած է: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց, բոլոր այն ընկերներուն, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնեցան Սերժի ապաքինման ջանքերուն: Իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութեան Վարիչ մարմինին, որ սիրայօժար ընդունեց առաջարկը եւ ստանձնեց իր միջոցներով նուիրատուներ գտնել, որպէսզի համագաղութային ջանքերով բանակավայրը ըլլայ արդիական, օգտագործելի բոլորին համար: Ան նաեւ շնորհակալական իր խօսքը փոխանցեց Հայաստանի պատանեկան միութեան Վարիչ մարմինին, որ 2014-ի բանակումը իրականացուց այդ  հողաշերտին վրայ եւ զայն նուիրեց Սերժի անթառամ յիշատակին:

Ապա Հայաստանի Գերագոյն մարմինին անունով խօսք առաւ Լիլիթ Գալստեան: Ան կարեւորութեամբ խօսեցաւ բանակումներու դաստիարակչական դերին մասին եւ ըսաւ, որ հայրենիքը պէտք ունի լաւ դաստիարակուած նուիրեալներու եւ ինք ուրախ է, որ այս բանակավայրի գոյութեամբ կարելի պիտի ըլլայ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի, թէ՛ Ջաւախքի եւ թէ՛ ամբողջ սփիւռքի պատանիներն ու երիտասարդները ի մի խմբել եւ հայրենիքի հողին ջերմութեամբ թրծել զանոնք, որպէսզի ապագային իւրաքանչիւրը դառնայ հայրենիքի պաշտպան: Ան ըսաւ, որ Սերժ Գալուստեան իր կեանքի ընթացքին միշտ հաւատացած է պատանիներու եւ երիտասարդներու դաստիարակութեան կարեւոր գործին, իր ներդրումը ունեցած է եւ այս բանակավայրի գոյութիւնը լաւագոյն ձեւն է, որ ընկերոջ յիշատակը միշտ անթառամ մնայ սերունդներու մօտ: Ան ըսաւ, թէ վստահ է, որ մօտ ապագային միացեալ ճիգերով կարելի պիտի ըլլայ զարգացնել եւ կառուցել բանակավայրը:

Ապա խօսք առաւ Քանատայէն Հայաստան հաստատուած Հրաչ Ճապրայեան («Տանտի փրեշըս» ընկերութեան տնօրէն), որ սիրայօժար կերպով արդէն իսկ տրամադրած է շուրջ 6000 տոլար` բանակավայրի ցանկապատման աշխատանքներուն եւ լոգարաններու շինութեան համար: Ան իր խօսքը ուղղելով պատանիներուն` յաջողութիւն մաղթեց եւ կարեւոր նկատեց գիտակից հայու եւ հայրենիքի պաշտպանութեան պատրաստ ըլլալու հանգամանքը:

Ներկաներէն ոմանք կատարեցին նուիրատուութեան խոստումներ:

Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց
Քեսապահայ Միութեան Անդամները

0822kesabՕգոստոս 21-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց «Քեսապ հայրենակցական միաւորում» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Գեղամ Սարմազեանը, համահիմնադիր Ռոպերթ Գազազեանը եւ քեսապահայ մտաւորական, լեզուաբան Յակոբ Չոլաքեանը:

Սփիւռքի նախարարը բարձր գնահատեց քեսապահայերու հարցերով զբաղող նորաստեղծ միութեան աշխատանքը, քեսապահայերը հաւաքագրելու եւ անոնց օժանդակելու առնչուող ազգանուէր գործունէութիւնը: Կազմակերպութեան նպատակն է համախմբել հայաստանաբնակ եւ սփիւռքահայ քեսապահայերը, աջակցիլ անոնց նիւթական  վիճակի բարելաւման:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան քեսապահայերու կեցութեան, առողջապահական, կրթական, իրաւական եւ այլ հարցեր:

«Քեսապ հայրենակցական միաւորում»-ը, համագործակցելով սփիւռքի նախարարութեան հետ, 5-ամսեայ գործունէութեան ընթացքին հոգեբարոյական, խորհրդատուական եւ նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերած է Քեսապէն Հայաստան տեղափոխուած ընտանիքներուն: Միաւորումը մնայուն կերպով կը հետեւի քեսապահայ ընտանիքներու կարիքներուն եւ կ՛արձանագրէ անոնց տուեալները:

Լեւոն Անանեանի Ծննդավայր Կողբի Մէջ
Բացումը Կատարուեցաւ
Անոր Անունը Կրող Պուրակին

0822ananianՀայ գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի ծննդավայր Կողբ գիւղին մէջ բացումը կատարուեցաւ անոր անունը կրող պուրակին եւ յուշարձան-աղբիւրին: «Լոռուայ ձոր» եւ «Նոյեմբերեան» հայրենակցական միութիւններուն եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած այս ձեռնարկին ներկայ էին Անանեանի գրչակից ընկերները, անուանի մտաւորականներ, գրողի արուեստի երկրպագուներ եւ անոր բազում հայրենակիցներ: «Լոռուայ ձոր» հայրենակցական միութեան ղեկավար կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Լեզուի պետական տեսչութեան պետ Սերգէյ Երիցեան բացման խօսքին մէջ ըսաւ, որ Լ. Անանեանի անունը կրող այդ պուրակը պէտք է վերածուի բանաստեղծութեան, երգի, երաժշտութեան նուիրուած վայրի մը: Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանը, որ Լեւոն Անանեանի հետ աշխատած է թէ՛ Հայաստանի Գրողներու միութեան եւ թէ՛ «Գարուն» ամսագիրին մէջ, դիտել տուած է, որ ան ժրաջան աշխատող էր, ժողովուրդին տագնապներուն արտայայտիչը, դիտել տալով, որ 1990-ական ծանր պահերուն եւ դժուար ժամանակաշրջանին Լեւոն Անանեանը պահեց «Գարուն» ամսագիրը: Ան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի Գրողներու միութեան համար Լեւոն Անանեանի տարած աշխատանքին: Անանեանին հայրենակից, գրող Սամուէլ Բեգլարեան եւս ընդգծեց, որ Լեւոն Անանեանին շուրջ համախմբուեցաւ գրողներու հրաշալի սերունդ, որ շատ լաւ աշխատեցաւ եւ ստեղծագործեց: Ելոյթ ունեցողները կարեւոր նկատեցին Լեւոն Անանեանին գործունէութիւնը, մարդկային տեսակը եւ մեծ ներդրումը` իր բազմակողմանի գործունէութեան բոլոր ոլորտներուն մէջ: Ներկաները դիտեցին նաեւ Կողբի գեղարուեստի դպրոցի սաներուն գեղանկարներու ցուցահանդէսը: Յուշարձանի բացման պատիւը վերապահուեցաւ Լեւոն Անանեանի կնոջ` Աղաւնի Գրիգորեանին:

«Մշակութային Վերածնունդ»
Գորգագործութեան Փառատօն Դիլիջանի Մէջ

0819korkԴիլիջանի մէջ 16 օգոստոսին բացումը կատարուեցաւ «Մշակութային վերածնունդ» գորգագործութեան եւ զարդարուն կիրառական արուեստներու փառատօնին:

Երկրորդ տարին ըլլալով կազմակերպուող այս փառատօնը Դիլիջանի մէջ համախմբած է Հայաստանի տարբեր մարզերու եւ սփիւռքի ներկայացուցիչներ, որոնք կը ներկայացնեն գորգեր, ասեղնագործ աշխատանքներ եւ հայկական խոհանոցը: Փառատօնին կը մասնակցին հայկական եւ միջազգային շուկային մէջ իրենց անունը ունեցող «Մեգերեան Կարպետ» եւ «Ղարաբաղ կարպետ» գորգագործական կազմակերպութիւնները, Արցախի գորգագործութեան թանգարանը, անհատ գորգագործներ:

«Հայկական գորգերը պատմականօրէն պաշտամունքային նշանակութիւն ունեցած են: Ի սկզբանէ գորգը ծիսապաշտամունքային առարկայ եղած է եւ ոչ թէ` առօրեայ օգտագործման առարկայ», «Արմենփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է ազգագրագէտ Աշխունջ Պօղոսեանը:

«Հայկական գորգին բնորոշ է պայծառ գոյներու առկայութիւնը, եւ յօրինուածքներու` գեղազարդման տարրերու ոճաւորուածութիւնը, որ իր իմաստը ունի: Այդ պատճառով ալ հայկական գորգի գեղազարդումը կը տարբերի այլ գորգագործական կեդրոններու գորգերէն: Պատմական Հայաստանի գորգագործութեան մշակութային կեդրոններէն մէկը Արցախն է, եւ պատմական իրադարձութիւններէն մեկնելով` Արցախն ու Սիւնիքը մինչեւ վերջ մնացած են կիսանկախ, ինչ որ կարելիութիւն տուած է այդ շրջաններուն մէջ գորգագործական աւանդութիւններու երկարատեւ պահպանման համար», աւելցուցած է Աշխունջ Պօղոսեանը:

Դիլիջանի քաղաքապետ Արմէն Սանթրոսեան համոզուած է, որ փառատօնը պիտի աւելցնէ Դիլիջան քաղաքին մէջ արձակուրդի եկողներուն ու զբօսաշրջիկներուն թիւը:

Փառատօնի կազմակերպիչ Մարիամ Մինասեանին համաձայն, իրենց հիմնական խնդիրը զբօսաշրջային քաղաքներուն մէջ այցելուներուն հոսքը աւելցնելն է: «Դիլիջանի մէջ այս նպատակով որպէս միջոց ընտրած ենք գորգագործութիւնը: Բացի զբօսաշրջային խնդիրներու լուծումէն, այս նախաձեռնութիւնը կը միտի համախմբել այս ոլորտի առաջատարները եւ բոլոր անոնք, որոնք նոր սկսած են իրենց գործունէութիւնը յարդարային-կիրառական արուեստի ասպարէզին մէջ», դիտել տուած է Մարիամ Մինասեանը:

«Իմ Հայաստան» Փառատօնի Ծիրին Մէջ
Կայացած Է Սիամանթոյի Նուիրուած Երեկոյ

0819Siamanto3Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծիրին մէջ Առնօ Բաբաջանեանի անուան համերգասրահին մէջ 16 օգոստոսին տեղի ունեցած է ասմունքի երեկոյ` նուիրուած Սիամանթոյի ծննդեան օրուան:

Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին անունով հանդիսութեան մասնակիցները ողջունած է նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը: «Առաջին անգամ «Իմ Հայաստան» փառատօնի ծիրին մէջ կը կազմակերպուի նաեւ ասմունքի օր, զոր նուիրած ենք իր տեսակով եզակիօրէն անկրկնելի Սիամանթոյին: Յուսանք, որ աւանդութեան վերածուող այս օրը հետագային կը դիմաւորենք ամբողջութեամբ լեցուն դահլիճներու մէջ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ «Իմ Հայաստան» փառատօնը սոսկ մշակութային իրադարձութիւն չէ, այլ նաեւ հայ հաւաքական ինքնութեան ու ազգային ոգիի վառ արտայայտութիւն է: «Մշակոյթն է համահայկական միասնութեան հզօր երաշխիքը, որ համաշխարհայնացման այս դարուն էական դերակատարութիւն ունի` կամրջելով ազգին արմատները, անցեալը, ներկան եւ ապագան», նշած է ան:

Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցած են Հրանուշ Սարոյեան` Ուքրանիայէն, Լեւոն Չիդիլեան` Վրաստանէն, Մարիամ Թովմասեան` Քանատայէն, Տիրանուհի Մարգարեան-Կարապետեան` Սուրիայէն, Փիւնիկ Քէշիշեան` Իրանէն, եւ Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան խօսքի մշակոյթի կեդրոնին սաները:

Երեկոյի աւարտին «Իմ Հայաստան» համահայկական երկրորդ փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Սամուէլ Հարոյեան շնորհակալութիւն յայտնած է մասնակիցներուն եւ անոնց տուած է շնորհակալագիրներ:

Ուշիի Մէջ 90-Ականներէն Օգտագործուող
Ըմպելի Ջուրի Մատակարարման
Համակարգը Փոխուած Է

Oushi_RalpheՈւշի շրջանին մէջ առկայ հարցերէն մէկուն` ըմպելի ջուրի մատակարարման համակարգի նորացման համար, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանի անձնական միջոցներէն յատկացուած է 16 միլիոն դրամ: Կամաւոր կերպով հայրենակիցներուն օգտակար ըլլալու մօտեցումը աշխատավայրին մէջ անձնական օրինակով առաջնորդելու լաւագոյն տարբերակներէն է: Այս ներդրման շնորհիւ փոխուած է աւելի քան 1600 մեթր երկարութիւն ունեցող մայր ջրագիծը: Այս ծրագիրը օգտակար պիտի ըլլայ 650 ընտանիքի կացութեան բարելաւման:

Գիւղի ըմպելի ջուրի մատակարարման համակարգը կառուցուած է 90-ականներուն: Նիւթականի չգոյութեան պատճառով համակարգին նորոգութիւնը կարելի չէ եղած տարիներ շարունակ:  Մայր ջրատարը ենթարկուած է միայն մասնակի վերանորոգման: Անձրեւներն ու ժամանակը իրենց անդրադարձը ունեցած են խողովակներուն վրայ, որոնք մեծամասնութեամբ քայքայուած են: Ռալֆ Եիրիկեանի դրսեւորած պատրաստակամութիւնն ու նոր համակարգի կառուցման կարելիութիւնը ոգեւորած են բնակիչները: Ամրան երկրորդ կիսուն մեկնարկած շինարարական աշխատանքներուն աշխուժ կերպով մասնակցած են ուշեցիները:

Բնակիչներուն մեծ մասին նախնիները, ի դէպ, այդ շրջանին մէջ հաստատուած են գաղթելով Արեւմտեան Հայաստանէն, որուն տարբեր նահանգներէն հարուստ մշակոյթ ժառանգած համագիւղացիները կարեւոր ձեռքբերում կը նկատեն նաեւ գիւղի մշակոյթի տան վերակառուցումը: Շէնքը կը ծառայէ որպէս գիւղապետարան, մշակոյթի տուն եւ գրադարան: Հոն կը գտնուի նաեւ նամակատան ծառայութեան գրասենեակը: Նախապէս աւերակներ յիշեցնող շէնքը ամբողջութեամբ վերափոխուած է: Ռալֆ Եիրիկեան միացած է նաեւ քանատահայ հայրենակից Մարգար Շարապխանեանի նախաձեռնութեան եւ շուրջ 12 միլիոն դրամ յատկացուցած է մշակոյթի տան վերանորոգման համար:

«Ուշիի մէջ վաղուց հաստատուած մեր հայրենակիցները «էրկրի» շէնացման երազը իրականութիւն կը դարձնեն հոս: Փոքրիկ Արեւմտահայաստան յիշեցնող այս գիւղը ուշագրաւ է իր բնակչութեան կազմով: Շատ կարեւոր է անոնց կողքին ըլլալը: Առհասարակ իրարու աջակցիլը մեր ազգային բնաւորութեան դրական գիծերէն է: Ատոր շնորհիւ նաեւ` հայը կը շարունակէ ապրիլ ու ապրեցնել հայրենիքը», ըսած է Ռալֆ Եիրիկեան:

Viva-cell-logo2

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )