«Փթիթ» . Հունտ Մը` Մանկական Գրականութեան Պարտէզին Մէջ
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Շուրջ չորս տարի առաջ էր, 2010-ի գարնան, երբ լիբանանահայ մեր սիրելի բարեկամները` Կարօ եւ Վերժին Աբրահամեան ամոլը, մին` մատենագէտ, միւսը` կրթական մշակ, բոլորովին անձնական նախաձեռնութեամբ մտադրեցին Պէյրութի մէջ հրատարակել մանկապատանեկան պարբերաթերթ մը:
Զայն կոչեցին «ՓԹԻԹ»:
Նախ լոյս ընծայեցին փորձ թիւ մը, յետոյ ալ թափ տալով իրենց աշխատանքին, տարեկան 3 թիւի սահմաններուն մէջ, ցարդ կրցան հրապարակել ընդհանուր 10 թիւ:
Բայց այս 10 թիւն իսկ… յոգնեցուց զիրենք: Ըստ երեւոյթին, գաղութին կողմէ չգտան այն հարկաւոր նեցուկն ու շօշափելի գնահատանքը, որով պիտի կարենային անարգել ու անխափան շարունակել իրենց օգտաշատ ծրագիրը: Լիբանանահայ վարժարաններէն շատեր կատարելապէս անտարբեր գտնուեցան այս դաստիարակչական ձեռնարկին նկատմամբ, ուրիշներ մասնակի կամ ձեւական շահագրգռութիւն մը ցուցաբերեցին լոկ: Ուստի գործը կաղաց, խմբագիրները յուսահատեցան:
Անցեալ տարի յայտարարուեցաւ, թէ «Փթիթ» չկարենալով տոկալ նիւթական դժուարութիւններու` ա՛լ պիտի դադրէր… Այս առթիւ մամուլի մէջ երեւցան քանի մը սրտցաւ յօդուածներ ալ, որոնք կոչ կ՛ուղղէին հանրութեան` փրկել կեանքը այս մանուկ պարբերաթերթին ու չարտօնել, որ ան ջրամոյն ըլլայ…
Պարբերաթերթին վերջին թիւը (10), որ մեր ձեռքը հասաւ, քիչ մը կը փարատէ յոռետեսութիւնը: Խմբագրութիւնը կը յայտնէ, որ` «փոխան դադրեցումի, պիտի դանդաղեցնէ թերթին հրատարակութիւնը»: Այլ խօսքով, այսուհետեւ «Փթիթ» լոյս պիտի տեսնէ տարեկան մէկ թիւ…
Ի՞նչ ըսել: Ափսո՜ս…
«Փթիթ» մանկապատանեկան իւրայատուկ հրատարակութիւն մըն է, քիչ մը տարբեր` մեզի ծանօթ դասական նմանօրինակ թերթերէ: Անիկա ո՛չ մրցակից մըն է նոյն քաղաքի «Պատանեկան Արձագանգ» ամսագրին (որ լոյս կը տեսնէ 1936-էն ի վեր, Հայ Աւետ. Քրիստոնէական Ջանից Միութեան կողմէ), ո՛չ ալ կրկնօրինակն է Համազգայինի երբեմնի «Մկոն ու Չալոն» պարբերականին, որմէ Պէյրութի մէջ լոյս ընծայուեցաւ ընդամէնը 10 թիւ, 1978-81 թուականներուն:
«Փթիթ» իր մանուկ ընթերցողներուն կ՛առաջարկէ ո՛չ միայն ԿԱՐԴԱԼ, այլեւ` ԽԱՂԱԼ եւ ԼՈՒԾԵԼ: Ասիկա թերթին նպատակային մայր ուղեգիծն է:
Թերթը 32 էջ է, ամբողջովին գունաւոր: Այստեղ օգտագործուած են համակարգչային ճարտարագիտութեան ընձեռած լայն հնարաւորութիւնները` պարբերականին էջերը դարձնելու համար գրաւիչ ու ակնահաճոյ: Տիրապետող են թուաբանական կամ բառային խաղերը` ի հակադրութիւն զուտ ընթերցանութեան էջերուն, որոնք սակաւ են, սահմանափակ: Ա. թիւէն սկսեալ «Փթիթ» ունի նաեւ «Ծնողներու բաժին» մը, ուր հերթաբար կը ծանօթացուին սփիւռքի տարածքին հրատարակուող մանկական թերթերն ու հայատառ մամուլի մանկապատանեկան էջերը: (Խմբագրութեան հետ կապի համար` օգտագործել սա՛ հասցէն.- [email protected]):
Թերեւս ոմանք հարց տան, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «ՓԹԻԹ»:
Փթթիլ կը նշանակէ ծաղկիլ, տերեւ եւ ոստ արձակել…: Փթթում կամ փթիթ` ծաղկում: Մեր գրական լեզուին մէջ բաւական գործածական են ծաղկափթիթ, մշտափթիթ բառերը…
Կը կարծենք, որ նմանօրինակ թերթ մը չունի գաղութային դիմագիծ, հարկ է որ ուղիներ բանայ ինքնիրեն` հասնելու եւ տարածուելու համար նա՛եւ Ամերիկայի, Ֆրանսայի, Արժանթինի, Թեհրանի, Մոնրէալի, Պոլսոյ եւ այլ գաղութներու մէջ ալ:
Թերեւս պէտք է զայն ճոխացնել օգտակար այլ բաժիններով ալ, մասնաւորաբար աւելցնելով ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԵԱՆ էջերը` ինքնագիր կամ թարգմանածոյ հեքիաթներով եւ համադրումներով:
Յետոյ, կարեւոր է նաեւ թերթ-ընթերցող սրտակցական կապը, որ այս պարագային արտայայտութիւն կրնայ գտնել առաջնորդող ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆՆԵՐՈՎ, գրուած` մատչելի ու դիւրասահ լեզուով, ուր խմբագիրները զրոյցի կը նստին իրենց դեռահասակ ընթերցողներուն հետ ու կ՛արծարծեն զանոնք շահագրգռող այժմէական նիւթեր (թիւ 9-ի մէջ լոյս ընծայուած «Հայատա՞ռ, թէ՞ լատինատառ հայերէն» խրատականը լաւ նմուշ մըն է այս տեսակէտով):
Ու վերջին դիտողութիւն մըն ալ. «Փթիթ»-ի իւրաքանչիւր պրակ թէեւ ունի իր թուահամարը, բայց բնաւ չունի տարեթիւ կամ ամսաթիւ: Ապագայ մատենագէտը լուրջ դժուարութիւններու դէմ յանդիման պիտի գտնուի, եթէ փորձէ ստուգել այս պարբերաթերթին հրատարակութեան թուականները…
«Փթիթ»-ը պիտի կարենա՞յ ծաղկիլ մեր նորահաս երեխաներուն ափերուն մէջ, թէ՞ ան ալ պիտի խամրի մեր ծնողներուն ու երեխայի տէր հազարաւոր ընտանիքներուն անհասկնալի անտարբերութեան պատճառով…
Հալէպ

