ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՄՈՆ ԼԱ ՍԱԼ – ԼՈՒԷՅԶԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ` ԿԻՐԱԿԻ, 13 ՄԱՐՏԻՆ
«Սփոր Էվազիոն» ընկերութեան կազմակերպած միջդպրոցական պասքեթպոլի մրցաշարքը կ՛աւարտի կիրակի, 13 մարտին, երբ Շանվիլի դաշտին վրայ (Տիք Մըհտի) ժամը 4:30-ին տեղի կ՛ունենայ աւարտական մրցումը` Մոն լա Սալի եւ Լուէյզիի միջեւ:
Մոն լա Սալ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, երբ Միշել Մըրի անուան համալիրի դաշտին վրայ 61-49 արդիւնքով յաղթեց Սանթրալի: Կիսաւարտականի առաջին մրցումին Լուէյզի յաղթած էր Ժամհուրի (70-59):
Նշենք, որ այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին:
CATEGORIES Մարզական