Ուաշինկթըն Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Քայլերու Ձեռնարկելու Հիմնարար Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Համար

Ճեն Փսաքի

Ճեն Փսաքի

«Թուրան» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի Ազրպէյճանի մէջ իրաւապաշտպան եւ լրագրող Իլկար Նասիպովի ծեծին առնչութեամբ յայտարարութիւն կատարած է:

«Մենք կը դատապարտենք 21 օգոստոսին Նախիջեւան քաղաքին մէջ ծեծի ենթարկուելուն փաստը յայտնի քաղաքացիական գործիչ Իլկար Նասիպովի` Ժողովրդավարութեան աջակցութեան ոչ կառավարական կեդրոնի աշխատակիցին, որ ծանր վիճակի մէջ հիւանդանոց մուտք գործած է: Ինչպէս մենք կը հասկնանք, տուեալ իրավիճակին մէջ ոստիկանութիւնն ու դատախազութիւնը անյապաղ հետաքննութեան սկսած են: Մենք կոչ կ՛ուղղենք կատարելու արագ, ամբողջական ու թափանցիկ հետաքննութիւն եւ յարձակողները ենթարկելու քրէական պատասխանատուութեան», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Փսաքի նաեւ յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ կոչ կ՛ուղղեն Ազրպէյճանի կառավարութեան անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան ուղղութեամբ:

Նախիջեւանի ներքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց Իլկար Նասիպովի գրասենեակին դէմ յարձակումին մասին տեղեկութիւնը` նշելով, որ ան ծեծի ենթարկուած է իր իսկ ընկերոջ` «Քաղաքացիական համերաշխութիւն» կուսակցութեան Նախիջեւանի գրասենեակի նախկին ղեկավար Ֆարիտ Ասքերովի կողմէ:

Յիշեցնենք, որ Իլկար Նասիպով յարձակումի ենթարկուած էր 21 օգոստոսի ուշ երեկոյեան: Նասիպովին գտած էին ուշքը կորսնցուցած վիճակի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES