Հայկական Ֆութպոլ. Դաւիթ Յակոբեան Գերազանցեց Կարէն Տոխոյեանի Հաստատած Մրցանիշը

0828_tavit-hagopyanՇիրակի 21 տարեկան ֆութպոլիստ Դաւիթ Յակոբեան Բանանցի դէմ տեղի ունեցած Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մրցումին 113-րդ անգամ ըլլալով դաշտ ներկայանալով տարիքային նոր մրցանիշ մը հաստատեց կը յայտնէ ArmSport.am:

Ան այսպիսով գերազանցեց Երեւանի նախկին յետսապահ Կարէն Տոխոյեանի 17 տարի առաջ հաստատած մրցանիշը, որ բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկած է 21 տարեկան ֆութպոլիստներուն մէջ բոլորէն աւելի մրցում կատարած էր (112): Նշենք, որ Տոխոյեան իր մրցանիշը հաստատած էր Երեւանի հետ` 1997-ին:

Կը կարծուի, որ իր այս նոյն ընթացքը շարունակելու պարագային, Յակոբեան յառաջիկային յոյս ունի կոտրելու նաեւ Արկադի Տոխոյեանի եւ Սարգիս Կարապետեանի պատկանող տարիքային միւս մրցանիշները:

 

Share this Article
CATEGORIES