Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ո՛ւր որ երթաք, ձեր միտքէն դուրս պիտի չգայ վաղուան ձեր կատարելիք գործերը: Այդքան ալ մտահոգուելիք հարց մը չունիք, ամէն ինչ դիւրին պիտի ըլլայ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Երեկոն պիտի անցնի զուարթ, գոհացուցիչ, որովհետեւ ներկայ պիտի ըլլաք գեղարուեստի յատուկ ցուցադրութեան մը: Ձեր ճաշակը պիտի գոհանայ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեզի ծանօթ անձեր պիտի դիմեն ձեզի` օգտուելու համար ձեր գիտութենէն եւ փորձառութենէն: Սիրով ընդառաջեցէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Օրուան ձեր գործունէութիւնը պիտի ընթանայ դիւրին, ձեր ակնկալածէն շատ արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ նիւթական եւ բարոյական իմաստով: Մի՛ մտահոգուիք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ անասուններով կը զբաղիք, հաւնոցի բնակիչներ կամ չորքոտանիներ, անոնց մաքրութեան եւ առողջութեան հսկեցէք այս տաք օրերուն:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ծնողք ըլլաք կամ ոչ, պիտի զբաղիք մանուկներով, անոնց դաստիարակութեամբ եւ առողջութեամբ: Անոնց տրուած ձեր խոստումը յարգեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կազմակերպեցէք բարեկամական հանդիպում մը, պտոյտ մը` դէպի ծովափ կամ լեռնային շրջաններ: Այս օրերուն ստանալիք բարիքները մի՛ մոռնաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Վերջերս բազմազբաղ ըլլալով` մոռցած էք կարգ մը կարեւոր պարտականութիւններ, բարեկամական այցելութիւններ: Այսօր կարգը եկած է այս բացը գոցելու ամենայն հանդարտութեամբ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ուրախ էք եւ գոհ, որ կատարած էք ձեզի յանձնուած պարտականութիւնները եւ արժանացած` գնահատանքի: Պարծենալու կարիք չկայ, կատարած էք ձեր պարտականութիւնը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հագուստ-կապուստի, յարդարանքի կարեւորութիւն տուէք ձեր գլուխէն մինչեւ կօշիկ եւ` այլ մանրամասնութիւններու, մանաւանդ եթէ ներկայանաք պաշտօնական տեղ մը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր աշխատանքները պիտի արժեւորուին: Որքան ալ ծանր ըլլան պահանջուածները, սիրով ընդառաջեցէք, առանց տրտունջի:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կլիմայական փոփոխութիւններուն ուշադիր եղէք: Երբեմն ամառը կը խաբէ, ցուրտ օդի ալիքի պարագային ուշադիր եղէք եւ ապահով:

