Փութին. «Ռուսիա Պիտի Շարունակէ Տոնպասի Բնակչութեան Մարդասիրական Օժանդակութիւն Տրամադրել»

Վլատիմիր Փութին

Վլատիմիր Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Ռուսիա պիտի շարունակէ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրել Տոնպասի բնակչութեան, որ կը տառապի մարդասիրական աղէտէ:

Յիշեցնենք, որ մարդասիրական օգնութեամբ բեռցուած առաջին բեռնատարները Լուկանսք հասան նախորդ շաբաթ` ռուս-ուքրանական սահմանին վրայ մէկ շաբաթ մնալէ ետք:

Ռուսիոյ նախագահը նաեւ ռուսամէտ զինեալներուն կոչ ուղղած է մարդասիրական միջանցք բանալու շրջափակուած ուքրանացի զինուորներուն համար, որպէսզի վերջիններս կարելիութիւն ունենան դուրս գալ պատերազմական գօտիէն:

«Ես զինեալներուն կոչ կ՛ուղղեմ մարդասիրական միջանցք բանալու ուքրանացի զինուորներուն համար, որոնք յայտնուած են շրջափակման մէջ, որպէսզի խուսափինք անիմաստ զոհերէ, կարելիութիւն տալու անոնց անխոչընդոտ դուրս գալու զինուորական գործողութիւններու շրջանէն, միանալու իրենց ընտանիքներուն, վերադառնալու մայրերուն, կիներուն եւ երեխաներուն մօտ, անյապաղ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերելու վիրաւորներուն», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ: «Ուքրանիոյ ժողովրդային պաշտպանութեան» ուժերը երէկ համաձայն գտնուեցան Փութինի առաջարկին:

Share this Article
CATEGORIES