ՔՈՆԿՐԵՍԱԿԱՆՆԵՐ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԸ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԵՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱԿԱՀՐԹԻՌԱՅԻՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԵՐ ՏԵՂԱԿԱՅԵԼԷ

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ հանրապետական ծերակուտականներ Ճոն Քիլ եւ հայամէտ դիրքորոշումով ծանօթ, Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի նախկին համանախագահ Մարք Քըրք նամակով մը դիմած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին եւ պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթային:

Նամակին մէջ ծերակուտականները` Քլինթընի եւ Փանեթայի ուշադրութիւնը հրաւիրելով այն իրողութեան վրայ, որ Թուրքիան Իսրայէլի հետ վատ, իսկ Իրանի հետ լաւ յարաբերութիւններ ունի, ամերիկեան վարչակազմին կոչ ուղղած են` Թուրքիոյ տարածքին մէջ ռատիոտեղորոշման կայան տեղակայելու հարցին մէջ Անգարայէն պահանջելու համապատասխան երաշխիքներ:

Ըստ ծերակուտականներուն, Անգարա պէտք է երաշխիքներ տայ այն մասին, որ ռատիոտեղորոշման կայանի տուեալները պիտի տրամադրէ նաեւ Թել Աւիւին: Ծերակուտականները պահանջած են ուսումնասիրել, թէ Իրանի կարեւոր հրթիռային յարձակումներէն պաշտպանուելու համար որքանո՛վ արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ ռատիոտեղորոշման կայանի Թուրքիոյ մէջ տեղակայումը:

Քըրք եւ Քիլ իրենց նամակին մէջ կը նշեն, որ ռատիոտեղորոշման կայանի տեղակայման համար «ամէնէն իտէալականը պիտի ըլլայ Հարաւային Կովկասը»:

Ամիսներ առաջ ծերակուտականներ Ճոն Քիլ, Ճէյմս Ինհոֆ, Ճէյմս Ռիշ եւ Մարք Քըրք Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ռոպըրթ Կէյցին նամակ յղած էին` կոչ ուղղելով փոփոխութիւններ կատարել Թուրքիոյ մէջ հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգի տարրեր տեղադրելու ծրագիրներուն մէջ: Անոնք առաջարկած էին այդ տարրերը ոչ թէ Թուրքիոյ, այլ` Վրաստանի մէջ տեղակայել:

«Ուաշինկթըն Թայմզ» օրաթերթը օրեր առաջ գրած էր, որ Անգարա եւ Ուաշինկթըն կը պատրաստուին յառաջիկային Թուրքիոյ մէջ հակահրթիռային պաշտպանութեան տարրերու տեղակայման շուրջ համաձայնութիւն կնքելու:

 

Share this Article
CATEGORIES