ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՇԻՐԱԿ – ՓԻՒՆԻԿ` 1-1
Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան երէկ, Շիրակ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Փիւնիկի հետ: Անդրանիկ Պարիքեան նշանակեց Շիրակի կոլը (34-րդ), իսկ Սարգիս Յովսէփեան` Փիւնիկի հաւասարութեան կոլը (87-րդ):
Օրուան իրաւարարը` Մանուկ Ֆահրատեան, մրցումին 59-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը տուաւ Արմէն Տիգրանեանի (Շիրակ):
Շիրակի մամլոյ քարտուղարութիւնը մրցումէն ետք յայտարարեց, որ այսօր պիտի բողոքէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, որպէսզի այդ կարմիր քարտը չեղեալ նկատէ` նկատի ունենալով, որ ան անհասկնալի պատճառով դաշտէն վտարուեցաւ:
Ուլիս 1-0 արդիւնքով յաղթեց Արարատի` շնորհիւ Արտեոմ Ադամեանի նշանակած կոլին (77-րդ):
Բանանց 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Գանձասարը:
CATEGORIES Մարզական