ՎԱՌՆԱՅԻ ՄԷՋ ԱՆԴՐԱՆԻԿԻ ԱՐՁԱՆԸ ԶԵՏԵՂՈՒԵՑԱՒ
«Երկրամաս» կը հաղորդէ, որ պուլկարական Վառնա քաղաքի Կալաթա շրջանին մէջ հաւաքուած հարիւրաւոր մարդիկ յարգած են Պուլկարիոյ, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ազգային հերոս զօր. Անդրանիկ Օզանեանի յիշատակը:
Անդրանիկի 6 մեթր բարձրութեամբ յուշարձանը կանգնեցուած է քաղաքի հրապարակներէն մէկուն վրայ, որ պիտի կրէ իր անունը:
Յուշարձանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցած են Պուլկարիոյ քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ, Պուլկարիոյ հայերու միութեան ներկայացուցիչները, նաեւ Անդրանիկի թոռը` Վարդան Նռանեան:
Անդրանիկի նուիրուած յուշարձանի բացումը Պալքանեան պատերազմի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն առաջինն է:
Անդրանիկի յուշարձանը կանգնեցնելու պուլկարական իշխանութիւններուն նախաձեռնութիւնը յառաջացուցած է դժգոհութիւնը Թուրքիոյ, որ պաշտօնապէս բողոք ներկայացուցած է: Սակայն Պուլկարիա չէ ենթարկուած թրքական ճնշումին` ի տարբերութիւն Ռուսիոյ, որուն իշխանութիւններուն ճնշման տակ Սոչիի մէջ կանգնեցուած Անդրանիկի արձանը վերցուեցաւ: Քաղաքի իշխանութիւնները պատճառաբանած էին, որ Թուրքիա կը սպառնայ խոչընդոտել Սոչիի մէջ տեղի ունենալիք Ողիմպիական խաղերը: