ՍԱՀԱԿԱՇՎԻԼԻ ԿԸ ՄԵՂԱԴՐՈՒԻ «ԳԱՂՏՆԻ ՀԱՅ» ԸԼԼԱԼՈՒ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ
Ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ չորեքշաբթի օր Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած է վրացական ուղղափառ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու ընդհանուր ժողովը, որուն մասնակցած են նաեւ Վրաստանի իշխող Ազգային շարժում կուսակցութեան ներկայացուցիչները:
Նիստը դռնփակ եղած է, սակայն ի յայտ եկած է, որ Սահակաշվիլիի կուսակիցները յաջողած են հոգեւորականները համոզել, որ կրօններու կարգավիճակի մասին օրէնքի որդեգրումը չի սպառնար վրացական եկեղեցւոյ կալուածներուն: Ժողովը իր կարգին յայտարարութիւն մը հրապարակելով հաւատացեալներուն կոչ ուղղած է հանդարտ մնալու, հակառակ անոր որ «անհանգստութեան համար բաւական հիմքեր գոյութիւն ունին»: Նաեւ իշխանութիւններուն կոչ ուղղուած է` հետագային կրօնի հետ կապուած հարցերու շուրջ եկեղեցւոյ հետ համաձայնիլ:
Եպիսկոպոսական ժողովը նաեւ «անհրաժեշտ նկատած է այլ երկիրներու տարածքին վրացական եկեղեցւոյ ճանաչման եւ կալուածներու խնդիրներու շուրջ բանակցութիւններու սկսիլ»: Համաձայնութիւն գոյացած է ստեղծելու երեք յանձնախումբեր, որոնցմէ մէկը պիտի զբաղի Վրաստանի դրացի երկիրներուն մէջ վրացական եկեղեցւոյ ճանաչման եւ կալուածներու պահպանման հարցերով: Վրացի մասնագէտներու կարծիքով, եկեղեցին չէ փափաքած իշխանութիւններուն հետ գոյութիւն ունեցող տագնապը սրել:
Միւս կողմէ, վրացի գործիչներ նախագահը մեղադրած են հակավրացական քաղաքականութիւն վարելու յանցանքով: Ռուսական «Սլոն» կայքէջը կը գրէ, որ Սահակաշվիլին նոյնիսկ մեղադրած են «գաղտնի հայ» ըլլալու յանցանքով: Սակայն ան հաւանաբար կ՛առաջնորդուի երկրի արդիականացումը շարունակելու մղումով` հաշուի չառնելով խոչընդոտներն ու վտանգները, որովհետեւ յայտնի է, որ Վրաստանի մէջ Իլիա Բ. պատրիարքին դէմ հակամարտիլը քաղաքական գործիչներու համար «մահացու» է` վերջինիս անբեկանելի հեղինակութեան պատճառով: Միեւնոյն ժամանակ, ակնյայտ է, որ Սահակաշվիլի եկեղեցւոյ հետ տագնապին ընթացքին հիմնական հարուածը իր վրայ վերցուցած է` տագնապին մէջ ներքաշուելէն զերծ պահելով իր ամէնէն հաւանական հետեւորդը` Թիֆլիսի քաղաքապետ Կիկի Ուկալաւան:
Մասնագէտներուն կարծիքով, ասիկա կը վկայէ, որ Սահակաշվիլի արդէն որոշած է 2013-ի նախագահական ընտրութիւններէն ետք հեռանալ: