Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ 3-1 Արդիւնքով Յաղթեց Խըյուլի
Ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ յետմիջօրէին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը մրցեցաւ Խըյուլի դէմ, որ ՀՄԸՄ-ի նման մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին:
Բաւական տպաւորիչ մրցում մը կատարելէ ետք, ՀՄԸՄ-ի խումբը 3-1 արդիւնքով (կիսախաղ` 0-0) յաղթանակ մը արձանագրեց:
Ճոնի Քոնճեան, Յակոբ Նաճարեան եւ Սագօ Ազնաւուրեան նշանակեցին ՀՄԸՄ-ի երեք կոլերը:
Լիբանանի Երիտասարդներու
Ախոյեանութիւն
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի երիտասարդներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին, ՀՄԸՄ 9-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Սաֆայէն` վերջինիս դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին:
Մրցումը հազիւ սկսած, ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն երկուքը, որոնց կարգին հիմնական բերդապահը վիրաւորուեցան եւ մշակուած ծրագիրը ամբողջութեամբ շրջուեցաւ` ի վնաս ՀՄԸՄ-ի:
CATEGORIES Մարզական

