Անդրադարձ . Ինքնորոշման Իրաւունքին Ամրագրման Համար (Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան Հռչակման 23-Ամեակին Առիթով)

ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ     

arm1346566284741988-ին արցախեան ազատագրական պայքարը սկիզբ առաւ իբրեւ ինքնորոշման իրաւունքի համար պայքար: Ստալինեան կամայական որոշումով մը 1921-ին Խորհրդային Ազրպէյճանի յանձնուած եւ 1924-ին խորհրդային այդ երկրի տարածքին մէջ ինքնավար մարզ հռչակուած Լեռնային Ղարաբաղը ուշ կամ կանուխ պիտի դիմէր ինքնորոշուելու իր իրաւունքին օգտագործման քայլին, այլապէս դատապարտուած էր ենթարկուելու Նախիջեւանի ճակատագիրին ամբողջական հայաթափման, որովհետեւ Ազրպէյճանի խորհրդային իշխանութիւնները, խորհրդային շուրջ 70 տարուան ժամանակաշրջանին ընթացքին, ջանք չխնայեցին ամէն միջոցով Արցախի մէջ ժողովրդագրական պատկերը փոխելու եւ ազրպէյճանական բնակչութեան թուաքանակը բարձրացնելու` ի վնաս շրջանի հայկական դիմագիծին:

Օրինապահ շարժում մը եղաւ ղարաբաղեան ազատագրական պայքարը, համահունչ ընթացաւ խորհրդային այդ օրերու օրէնսդրութեան եւ Խորհրդային Միութեան սահմանադրութեան: Ինքնորոշման իմաստով օրինապահ այս մօտեցումը առկայ էր ե՛ւ 1988-ին` Հայաստանին միանալու ցոյցերուն ընթացքին, ե՛ւ 2 սեպտեմբեր 1991-ին, երբ ազատագրական պայքարին պարտադրած զարգացման հոլովոյթին պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը, Շահումեանի ենթաշրջանով, ինքզինք հռչակեց անկախ հանրապետութիւն, եւ մինչեւ հիմա ալ կը շարունակէ իր երթը` ամրացնելով այդ անկախութեան հիմքերը` պետական կառոյցները, բանակը, ժողովրդավարութեան հասկացողութիւնը, տնտեսութիւնը:

Եւ բնական էր, որ ինքնորոշման համար պայքարին առաջին իսկ օրէն ամբողջ հայ ժողովուրդը թիկունք կանգնեցաւ այդ պայքարին, իսկ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ամէն իմաստով երաշխաւոր հանդիսացաւ այդ պայքարի յաջողութեան, երաշխաւոր հանդիսացաւ հայկական Ղարաբաղի յաղթանակին` պատերազմի դաշտին վրայ, պատերազմ մը, որ պարտադրուած էր հայկական կողմին վրայ, եւ որ դադար առաւ  1994-ին կնքուած զինադադարի համաձայնութեամբ, որուն տակ իբրեւ լիիրաւ կողմ կայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ստորագրութիւնը: Եւ եթէ լրջութիւն կայ միջազգային ընտանիքին կողմէ` բանակցային խաղաղ միջոցներով լուծելու ղարաբաղեան տագնապը, ապա անիկա տեղի պէտք է ունենայ նաեւ իբրեւ բանակցային լիիրաւ կողմ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հանգամանքը վերականգնելով:

Ամէն իմաստով հայկական Արցախի գոյութեան երաշխաւորը հանդիսանալու Հայաստանի Հանրապետութեան հանգամանքը յատուկ կարեւորութեամբ կը շեշտենք, մանաւանդ` ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ վերջերս տեղի ունեցած արիւնալի իրադարձութիւններուն լոյսին տակ: Այս անվտանգութեան երաշխաւորման հարցը յատուկ կերպով պէտք է ներառուի Հայաստանի Հանրապետութիւն-Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն ռազմավարական համաձայնագիրի մը մէջ, որ կ՛ապահովէ հայկական Արցախի գոյութիւնը հետագայ տասնամեակներուն, մինչեւ ղարաբաղեան տագնապի արդարացի լուծումը եւ շրջանին տէ ժիւրէ միացումը մայր Հայաստանին: Ահաւասիկ այս յետնագիծին հիման վրայ մենք կը տեսնենք ինքնորոշման համար պայքարը Արցախի մէջ: Խնդիրը կը սկսի հոնկէ, որ հիմա` այս պահուն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ի՛նչ բանի կարիք ունի իր անվտանգութիւնը երաշխաւորելու, քիչ մը աւելի իր պետական կառոյցները ամրապնդելու, տնտեսութիւնը հզօրացնելու եւ վերաբնակեցման ծրագիրները յաջողցնելու, իսկ կը վերջանայ այն բանով, որ վերջ ի վերջոյ Արցախը հայրենիքի մէկ անբաժան մասն է եւ պէտք է վերամիանայ անոր:

Ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ արձանագրուած վերջին իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ հայ ժողովուրդին մէջ որքա՛ն ալ տարակարծութիւններ գոյութիւն ունենան քաղաքական զանազան հարցերու շուրջ, ազգային գոյութեան սպառնացող վտանգի պարագային տիրական կը դառնայ համախմբուածութեան մթնոլորտը ազգային արժէքներու շուրջ, համախմբումը` ազգովին ձեռք բերուած յաղթանակին շուրջ: Ասիկա աներկբայ իրականութիւն մըն է, որ արտայայտուեցաւ գետնին վրայ նաեւ` հարիւրաւոր կամաւոր երիտասարդներու եւ նախկին ազատամարտիկներու ռազմաճակատ երթալով, գտնուելու համար սահմանապահ տղոց կողքին եւ անոնց թիկունք հանդիսանալու նպատակով: Իրականութեան մէջ ալ այդ քանի մը օրերը ազգային վերարթնացման բացառիկ օրեր էին, որոնց ընթացքին հայրենի հասարակութեան լայն խաւերը ամէնէն ընդարձակ համախմբուածութիւնը արտայայտեցին հայկական զինեալ ուժերուն նկատմամբ Հայաստանի Հանրապետութեան թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ:

Հայկական-ազրպէյճանական սահմանագիծին եւ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական զօրքերու շփման գիծին վրայ Ազրպէյճանի կողմէ կատարուած հետախուզական ներթափանցումի փորձերով Ազրպէյճան նպատակ ունէր առաւելներ ձեռք ձգել գետնի վրայ, սակայն հակառակորդին բոլոր փորձերը ձախողեցան հայկական զինեալ ուժերուն հատու հարուածներուն ներքեւ: Այս փորձերուն եւ պաշտօնական Պաքուի կիրարկած ռազմատենչ հռետորաբանութեան ձախողութիւնը անգամ մը եւս ապացուցուեցաւ, երբ Սոչիի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ վերջին հանդիպման ընթացքին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ինք նոյնիսկ յայտարարեց, որ ղարաբաղեան տագնապին զինուորական լուծում չկայ…

Քաղաքական իմաստով ալ Ազրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան ձախողութեան իւրայատուկ օրինակներէն մէկն է վերջերս Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի ծերակոյտին որդեգրած բանաձեւը` Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչնալու եւ անոր զօրավիգ հանդիսանալու առումով: Հայկական ներկայութեան իմաստով իր կշիռը ունեցող այս նահանգին օրէնսդիր մարմինին վերին պալատին առած այս քայլը անտարակոյս իր անգնահատելի կարեւորութիւնը ունի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթին մէջ, անոր համար ալ զարմանալի չէ երբեք, որ հայ քաղաքական վերնախաւը Քալիֆորնիոյ նահանգի ծերակոյտին որդեգրած այս բանաձեւը ներկայացուց իբրեւ մեծ յաղթանակ եւ տօն` իր անկախութեան հռչակման 23-ամեակը նշող Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան համար:

Ահաւասիկ ուրեմն ուղղութիւն մը եւս` ինքնորոշման համար պայքարի հոլովոյթին մէջ. Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ուղղութիւնը: Եւ յառաջիկայ հանգրուանին ինչպէս որ կարեւոր է այս ճանաչման հոլովոյթին աշխարհագրութիւնը ընդլայնել, նոյնպէս ալ կարեւոր է անոր տարողութեան ընդլայնումը, որպէսզի այդ ճանաչումը սահմանափակուած չմնայ նահանգային կամ քաղաքային խորհուրդներու եւ օրէնսդիր մարմիններու հրապարակած բանաձեւերով, այլ այդ հոլովոյթը ընդգրկէ նաեւ երկիրներու մակարդակով ճանաչումը: Յառաջիկային միջոց պէտք չէ խնայել ինքնորոշման համար պայքարի այս ուղղութիւնը յառաջ մղելու համար:

Share this Article
CATEGORIES